2017-09-01 13:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապին մէկ սեպտեմբերի գործունէութիւնն ու թուիթը:


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը որ Յուլիս ամսուայ ընթացքին կատարած հանգստեան դադարէն ետք, օգոստոսի սկիզբէն վերադարձաւ իր առօրեայի գործունէութեան եւ յառաջիկայ  օրերուն կը պատրաստուի իրագործելու քահանայապետութեան առաքելական 20-րդ ճամբորդութիւնը որ զինք պիտի առաջնորդէ Քոլոմպիա` որպէս խաղաղութեան պատգամաւոր, ուրբաթ սեպտեմբեր մէկի առաւօտեան իր գրասենեակին մէջ ունեցաւ յաջորդական հանդիպումներ որոնցմէ առաջինը եղաւ Մեքսիքայի նորանշանակ դեսպանին` Տիար Ժէյմ Մանուել Տէլ Արենալ Ֆենոքիոնի հետ, հաւատարմագիրերու ներկայացումի առթիւ, ապա ''International Telecommunication Union'' հաստատութեան ընդհանուր քարտուղարին` Տիար Հուլին Ժաօի ու անոր կողակիցին հետ, հուսկ կարգ մը պապական նուիրակներու հետ եւ ի վերջոյ Ալճիրիօ Ալճեր թեմին արքեպիսկոպոսը` գերապայծառ Փոլ Տէֆարժ որուն կ՛ընկերանային գերապայծառ Ժան Փոլ Վեսքոն եւ հայր Թոմաս Ճէորճոն։

Մէկ սեպտեմբերին կը նշուի նաեւ արարչութեան համար աղօթքի համաշխարհային օրը եւ այս առթիւ Նորին Սրբութիւնը հրապարակեց թուիթ մը որուն մէջ գրեց. ''Տէր սորվեցուր մեզի քեզ դիտել արարչութեան գեղեցկութեան մէջ, ու մեր մէջ արթնցուր երախտագիտութեան զգացումը ու պատասխանատուութեան հոգին'':








All the contents on this site are copyrighted ©.