2017-09-01 08:30:00

Արարչութեան աղօթքի միջազգային օր։ Ֆրանչիսկոս Պապի եւ Բարթողոմէոս Ա միասնական պատգամը


(Ռատիօ Վատիկան) ''Մարդու արժանապատուութիւնն ու բարգաւաճումը խորապէս զօդուած են համայն արարչութեան խնամքին հետ'' այսպէս կը գրեն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետն ու Բարթողոմէոս Ա միասնական մէկ պատգամի մը մէջ զոր հրապարակուեցաւ Արարչութեան համար աղօթքի համաշխարհային օրուան առթիւ,  որ երեք տարիէ ի վեր կը յիշուի ամէն տարուայ մէկ սեպտեմբերին։  Երկու հայրապետները զօրեղ կոչ մը կ՛ուղղեն յատկապէս անոնց որոնք կարեւոր դիրքեր կը գրաւեն որպէսզի բաժնեկից պատասխանատուութեամբ դիմագրաւեն կենսոլորտի այժմէական տագնապը։

''Ի սկզբանէ Աստուած Մարդը դասեց որպէս բնական միջավայրի պահապան, անոր յանձնեց երկիրը որպէս ժառանգութիւն, որուն պատասխանատուութիւնը բոլորս ալ կը կիսենք, մինչեւ այն օր երբ ամէն ինչ, երկնքի եւ երկրի վրայ, կը վերադառնայ Քրիստոսի'', կը գրեն ապա երկու Եկեղեցապետերը, դիտել տալով սակայն թէ այսօր աշխարհը տարբեր իրավիճակ մը կը ներկայացնէ, ուր միտումը կայ այլեւս բնութեան հետ չի յարաբերուիլ, այլ շահագործել զայն, զայն համարելով ոչ որպէս բաժնեկցելիք պարգեւ այլ որպէս սեփականութիւն, մթագնելով նաեւ մեր կոչումը` ըլլալու Աստուծոյ համագործակիցներ։

Այսպէսով ''մարդկային եւ բնական միջավայրերը իրար հետ միասին  նուաճումի կ՛ենթարկուին ու այս իրողութեան ամէնէ դաժան գինը կը վճարեն անոնք որոնք աւելիով դիւրաբեկ են'' կը գրեն միշտ Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Բարթողոմէոս Ա իրենց հրապարակած պատգամին մէջ աւելացնելով թէ ''հրատապ կոչն ու մարտահրաւէրը խնամք տանելու արարչութեան, այսօր աւելի քան երբեք հրամայական են համայն մարդկութեան համար, որպէսզի գործեն ի սպաս համապարփակ  եւ կայուն զարգացումի''։

Պատգամի աւարտին երկու հայրապետները զօրեղ կոչ մը կ՛ուղղեն բոլոր բարի կամք ունեցող մարդոց, որպէսզի այսօր` մէկ սեպտեմբերին, ժամանակ յատկացնեն միջավայրի համար աղօթքին, շնորհակալութիւն յայտնելու Աստուծոյ, արարչութեան սքանչելի պարգեւին համար եւ յանձնառու ըլլալ զայն պահպանելու ապագայ սերունդներու օգուտին համար։

''Աղօթքին կից հարկաւոր է նաեւ փոխել աշխարհի հետ վերաբերմունքի վարուելակերպը, ձգտելով ապրելակերպերու որոնք ըլլան աւելի պարզ եւ զօրակից''  կը յանձնարարեն ապա Քահանայապետն ու Կ. Պոլսոյ տիեզերաբան պատրիարքը, յատուկ կոչ ուղղելով նաեւ բոլոր անոնց որոնք` ընկերային, տնտեսական, քաղաքական ու մշակութային ասպարէզներէն ներս կը գրաւեն կարեւոր դիրքեր, որպէսզի ''ունկնդրեն երկրին աղաղակը'' ու ''կարիքներն անոնց որոնք անտեսուած են'', այնպէս որ դարման գտնեն արարչութիւնը խոցող վէրքերը ։

''Ի տես բնապահպանութեան տագնապին ու կլիմայական փոփոխութիւններու  յառաջացուցած մարտահրաւէրին, անհրաժեշտ է տալ համատեղ եւ համընդհանուր պատասխան մը, որ առաջնահերթութիւն տայ զօրակցութեան եւ ծառայութեան'' կը գրեն հուսկ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը եւ Բարթողոմէոս Ա Պատրիարքը եզրափակելով արարչութեան համար աղօթքի միջազգային օրուան առթիւ հրապարակած իրենց միասնական պատգամը։








All the contents on this site are copyrighted ©.