2017-08-31 09:30:00

Ճափոնի վրայէն թռիչք կատարած Հիւսիսային Քորէական հրթիռը նոր լարուածութիւն կը ստեղծէ:


Հիւսիսային Քորէան յայտնեց, որ վերջին արձակուած հրթիռին Ճափոնի վերեւ թռիչք կատարելը Խաղաղական ովկիանոսի մէջ զինուորական գործողութիւններու առաջին քայլն էր, եւ Փիոնկիանկ կը ծրագրէ յաւելեալ հրթիռարձակումներ կատարելու:

Փիոնկիանկի պետական լրատուամիջոցները կրկնեցին «ներխուժման յառաջապահ ռազմակայան» Կուամի ռմբակոծման սպառնալիքը:

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը երեքշաբթի ուշ գիշերին գումարած իր նիստի ընթացքին միաձայնութեամբ դատապարտեց Հիւսիսային Քորէայի կատարած հրթիռարձակումը` պահանջելով, որ այդ հրթիռարձակումները դադրեցուին, սակայն Փիոնկիանկի դէմ նոր պատժամիջոցներ հաստատել չսպառնաց:

Ռուսիա եւ Չինաստան յայտնեցին, որ շրջանին մէջ ամերիկեան զինուորական գործունէութիւնը մասամբ այպանելի է լարուածութեան աճին առումով, եւ կոչ ուղղեցին բանակցութիւն կատարելու:

Հիւսիսային Քորէայի պետական ՔՍՆԱ լրատու գործակալութիւնը առաջին անգամ ըլլալով խոստովանեցաւ, որ Ճափոնի վերեւ թեւաւոր հրթիռի թռիչքը դիտաւորեալ էր` աւելցնելով, որ անիկա ուղղակի պատասխան էր Միացեալ Նահանգներու եւ Հարաւային Քորէայի ուժերուն մասնակցութեամբ ընթացող միացեալ ռազմափորձին:

ՔՍՆԱ հաղորդեց, որ Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Եունկ Ըն յայտնած է, թէ «իսկական պատերազմի մը նման» վերջին փորձարկումը «Քորէական ժողովուրդի բանակին Խաղաղականի մէջ գործողութեան առաջին քայլն էր եւ նշանակալից նախաքայլ մը Կուամի հակակշռումին»: Ան նաեւ հրամայած է շրջանը թիրախաւորող հրթիռներու յաւելեալ փորձարկում կատարել:








All the contents on this site are copyrighted ©.