2017-08-30 10:27:00

Ֆրանչիսկոս Պապին ճամբորդութիւնը Քոլոմպիա – Քոլոմպիայի Կաթողիկէ Եկեղեցին։


(Ռատիօ Վատիկան) 2017-ի Սեպտեմբեր 6էն 11 Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական ճամբորդութեամբ պիտի մեկնի Քոլոմպիա որպէս կարգախօս ունենալով  ՙԱռաջին քայլը կատարենք բնաբանը՚։

Տեղական Եկեղեցին ու հաւատացեալները մեծ ուրախութեամբ կը սպասեն Նորին Սրբութեան Ժամանումին։

Այս առթիւ կը ներկայացնենք Քոլոմպիայի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մասին հակիրճ տեղեկութիւններ։

Քոլոմպիան ունի 1.138.914 քմ քառակուսի տարածք եւ 48 միլիոնէ աւելի բնակչութիւն որոնց 45 միլիոնը այսինքն 93, 9 առ հարիւրը կաթողիկէ են։ Կաթողիկէ Եկեղեցին ունի 78 եկեղեցական գաւառ, 4.397 ժողովրդապետութիւն, 2.769 հովուական խնամակալութեան կեդրոններ։

Այնտեղ իրենց եկեղեցական ծառայութիւնը կը մատուցեն 128 եպիսկոպոսներ,­ 7.223 թեմական քահանաներ,­ 2.324 կրօնաւոր վարդապետներ, 593 մնայուն սարկաւագներ, 1.058 կրօնաւորներ, 13.874 կրօնաւորուհիներ, 369 աշխարհական միաբանութիւններու պատկան նուիրեալ անձինք ու 33.358 աշխարհական միսիոնարներ որոնց աւելցնելու ենք 55.376 կրօնուսոյցներ։

Կաթողիկէ Եկեղեցին կը մատակարարէ նաեւ 4.000 աւելի  դպրոցներ ու 124 համալսարաններ։ Ապա կան 100 հիւանդանոց, 120 խնամակալական տուներ, թոքախտի հիւանդութեան2 կենդրոններ, 383 ծերանոց ու հաշմանդամներու կեդրոններ, 604 որբանոցներ­ ու այլ 500 է աւելի այլ ընկերային ու մասնագիտական կեդրոններ։








All the contents on this site are copyrighted ©.