2017-08-30 10:32:00

Հայաստանի մէջ յղութեան արհեստական ընդհատումները նուազած են


«Հայաստանի ժողովրդագրութեան եւ առողջապահութեան հարցերու հետազօտութիւն. 2015­-16 թուականներ» զեկոյցին համաձայն` 2015-­16 թուականներուն յղութեան 69 տոկոսը աւարտած է կենդանի ծնունդով, 29 տոկոսը` յղութեան արհեստական ընդհատումով, իսկ 9 տոկոսը վիժումով կամ մեռելածնութեամբ:

Ըստ Armenpress.am-ի՝ Օգոստոս 23-­ին, զեկոյցի շնորհանդէսի ժամանակ, ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան մօր եւ մանկան առողջութեան պահպանման վարչութեան պետ Կարինէ Սարիբէկեան նշած է, որ նախորդ տարիներուն համեմատ անիկա էականօրէն նուազած է: «Համեմատութեան համար նշեմ, որ Հայաստանի ժողովրդագրութեան եւ առողջապահութեան հարցերու 2000 թուականի հետազօտութեան համաձայն` յղութեան արհեստական ընդհատումները կազմած են 55 տոկոս, 2005 թուականին` 45 տոկոս, իսկ 2010 թուականին` 29 տոկոս»,-­ըսած է Սարիբէկեանը:

Զեկոյցին համաձայն` յղութեան ելքերը կը փոխուին ըստ մարզերու` Սիւնիքի մէջ յղութեան 4 տոկոսը աւարտած է անոր արհեստական ընդհատումով, իսկ Գեղարքունիքի մարզին մէջ` 57 տոկոսը:

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան մօր եւ մանկան առողջութեան պահպանման վարչութեան պետին խօսքով` հետազօտութեան նախորդող 3 տարիներուն ընթացքին կատարուած յղիութեան արհեստական ընդհատումներուն երկու երրորդը կապուած եղած է այն փաստով, որ կինը այլեւս չի փափաքիր երեխաներ ունենալ, իսկ 8 տոկոսը կապուած է պտուղի արատներ ունենալու վտանգով, 8 տոկոսի պարագային, իբրեւ պատճառ նշուած է սեռի ընտրութիւնը, իսկ 7 տոկոսի պարագային` մօր առողջութեան հետ կապուած մտահոգութիւնները:








All the contents on this site are copyrighted ©.