Հայաստանը աշնան Եւրոպական Միութեան հետ պիտի ստորագրէ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը: Այս մասին, «Արմէնփրես»-ի փոխանցումով, յայտնած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան` «Բազէ» համահայկական երիտասարդական հաւաքի մասնակիցներուն հետ հանդիպումին ընթացքին` պատասխանելով ճամբարականներուն հարցումներուն:
«Այո՛, մենք աշնան պիտի ստորագրենք: Ինչո՞ւ այսպիսի համոզուածութեամբ կ՛ըսեմ, որովհետեւ փաստաթուղթը արդէն նախաստորագրուած է: Մենք, եթէ չեմ սխալիր, մարտ ամսուն յայտարարեցինք, որ փաստաթուղթը արդէն, ընդհանուր առմամբ, բանակցուած է, եւ անկէ ետք նախաստորագրեցինք: Մենք այդ փաստաթուղթը չստորագրելու որեւէ պատճառ չունինք», նշած է նախագահ Սերժ Սարգսեան:
Ան ըսած է նաեւ, թէ որոշ` յատկապէս օտարերկրեայ լրատուամիջոցներու փորձերը` 2013-ին Եւրասիական տնտեսական միութեան միանալու` Հայաստանի որոշումը «մէկ գիշերուան մէջ տրուած որոշում» ներկայացնելու մասին, անհիմն են եւ պարզապէս ծիծաղելի: «Մենք կը բանակցէինք ե՛ւ Եւրասիական տնտեսական միութեան հետ, ե՛ւ Եւրոպական Միութեան հետ, որովհետեւ ի սկզբանէ երկու կողմերն ալ կ՛ըսէին, որ մէկը միւսը չի խանգարեր: Բայց երբ Եւրոպական Միութիւնը ըսաւ` կը խանգարէ, մենք ի՞նչ պէտք է ընէինք», հարց տուաւ նախագահ Սարգսեան:
All the contents on this site are copyrighted ©. |