2017-08-29 12:00:00

Կարդինալ Թուրքսոն Ղազախստանի մայրաքաղաք Ասդանայի մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) 30 օգոստոսէն 4 սեպտեմբեր 2017-ին Մարդկային համապարփակ զարգացման ծառայութեան ժողովի կառավարիչը՝ կարդինալ Փիթեր Ափփիա Թորքսոն կը մեկնի Ղազախստանի մայրաքաղաք Ասդանա, ուր կը մասնակցի Ասդանայի  ԷՔՍՓՕ 2017 ձեռնարկին առթիւ կազմակերպուած մի քանի հանդիպումներուն։

Ասդանայի Էքսփօ 2017 ձեռնարկը որ այս տարի նուիրուած է «ապագայի ուժանիւթ» նիւթին պիտի եզրափակուի յառաջիկայ 10 սեպտեմբերին։ Ւ շարս աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու, Սուրբ Աթոռը եւս իր մասնակցութիւնը բերած է վերոնշեալ ձեռնարկին «Ուժանիւթը ընդհանուր բարիքին ի նպաստ։ Հոգատար մեր հասարակաց տան» տաղաւարով։

Ասդանա կատարած առաքելութեան ընթացքին Կարդինալ Թուրքսոնին կ՛ընկերանայ Ղազախստանի մէջ Պապական Նուիրակ գերապայծառ Ֆրանսիս Շուլլիքադ ու տեղական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներ։  Նշենք թէ Կարդինալ Թուրքսոն նշանակուած է ԷՔՍՓՕ 2017-ի Սուրբ Աթոռի Պատուիրակ։

Ասդանա  կեցութեան ընթացքին ծիրանաւորը 31 օգոստոսին իր մասնակցութիւնը կը բերէ միջկրօնական համաժողովի մը մինչ սեպտեմբեր մէկին՝ կենսոլորտի պահպանութեան աղօթքի համաշխարհային օրուան առթիւ Կարդինալ Թուրքոսն կը մասնակցի մամլոյ ասուլիսի մը որուն ընթացքին կը ներկայացուի Սուրբ Աթոռի տաղաւարն ու անոր պարունակութիւնը։

2 սեպտեմբերի ժամը 15-ին Կարդինալ Թուրքսոն կը նախագահէ Սուրբ Աթոռի Ազգային օր արարողութեան որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Երկրին Քաղաքական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ։ Մինչ սեպտեմբեր 3-ի յետմիջօրէին նախատեսուած է մամլոյ ասուլիս որուն ընթացքին պիտի ներկայացուի խորհրդածութիւն մը ուժանիւթի ապագայի գործածութեան ու մարդկային համապարփակ զարգացումի մասին։








All the contents on this site are copyrighted ©.