2017-08-29 09:40:00

«Այժմ միջսուրիական երկխօսութեան համար լաւ պայմաններ գոյութիւն ունին» կ՛ըսէ Տը Միսթուրա


Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ երէկ Թեհրանի մէջ հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրայի հետ:

Վերջինս Իրանի արտաքին գործոց նախարարի արաբական հարցերով օգնական Հիւսէյն Ժապերի Անսարիի հետ հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ այժմ միջսուրիական երկխօսութեան համար լաւ պայմաններ գոյութիւն ունին:

«Վերջին շրջանին քաղաքական եւ մարտական մակարդակներուն վրայ, մասնաւորաբար ՏԱՀԵՇ-ի եւ Ժապհաթ Նուսրայի դէմ պայքարին մէջ բազմաթիւ փոփոխութիւններու արձանագրուիլը իր ազդեցութիւնը ունի», ըսաւ ան:

Տը Միսթուրա յայտարարեց, որ սուրիական տագնապին հարցը պիտի քննարկուի ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ հանդիպումներու ընթացքին եւ յետոյ ալ Ժընեւի մէջ` աւելցնելով, որ այժմ դրական ենթահող գոյութիւն ունի, իսկ սուրիացի ժողովուրդը հետաքրքրողը լարուածութեան մեղմացումն է, բան մը, որ կրնայ գոյանալ Ասթանայի մէջ:

Անսարի իր կարգին յայտնեց, որ Ասթանայի ժողովը տեղի պիտի ունենայ սեպտեմբերի կիսուն` աւելցնելով, որ սուրիական տագնապին մէջ կարեւորագոյն հարցը սուրիացի ժողովուրդին տեսակէտին դիմելն է:

Ան յայտնեց, որ մարտական զարգացումները սուրիական տագնապի լուծման մօտենալուն համար շատ կարեւոր են` նշելով. «Աշխարհը այս տագնապին մէջ շրջադարձի մը առջեւ կանգնած է»:

Նշենք, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ յայտնեց. «Այժմ աշխատանք կը տարուի լարուածութեան մեղմացման 4-րդ գօտի մը Իտլիպի մէջ ստեղծելու ուղղութեամբ»:








All the contents on this site are copyrighted ©.