2017-08-28 10:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապ 27 նոյեմբերէն - 2 դեկտեմբեր 2017 պիտի այցելէ Մայանմարն ու Պանկլատէշը։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի 28 օգոստոս 2017-ին Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը Տիար Կրէկ Պուրք, հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ մը որուն մէջ նշեց թէ ''Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունելով Մայանմարի Հանրապետութեան նախագահի ու եպիսկոպոսներուն հրաւէրը` յառաջիկայ 27-30 նոյեմբեր առաքելական ճամբորդութեամբ պիտի մեկնի Մայանմար ու պիտի այցելէ Եանկոն եւ Նայ Փյի Թաու քաղաքները ապա ընդունելով Պանկլատէշի քաղաքական եւ եկեղեցական իշխանութիւններու հրաւէրը` 30 նոյեմբերէն մինչեւ 2 դեկտեմբեր 2017 պիտի այցելէ Պանկլատէշի մայրաքաղաքը Տաքքան։

Կրէկ Պուրք յայտարարեց նաեւ թէ առաքելական Ճամբորդութեան յայտագիրը լոյս պիտի տեսնէ յառաջիկայ օրերուն։

Մայանմար կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան բնաբանն է ''Սէր եւ Խաղաղութիւն''։ Քրիստոնէական խաղաղութիւնը արդարեւ հիմնուած է սիրոյ վրայ։ Կարելի չէ խաղաղութեան ձգտիլ առանց սիրոյ։ Սրբազան Քահանայապետին Մայանմար այցելութեան նպատակն է երկրին մէջ զարգացնել Սէր եւ Խաղաղութիւն

Մինչ Պանկլատէշ կատարելիք հովուական այցելութեան բնաբանն է ''Ներդաշնակութիւն եւ Խաղաղութիւն''։ Ներդաշնակութիւն կրօններու, մշակոյթներու, ժողովուրդներու, ընկերութեան, պատմութեան ու Պանկլատէշի աւանդական ժառանգութեան մէջ։ Մինչ Խաղաղութեան իրականութիւնը ապագայի ձգտում է Պանկլատէշի մարդկային ու հոգեւոր զարգացումի տեսլականով։








All the contents on this site are copyrighted ©.