2017-08-28 11:50:00

Պարսելոնայի մէջ ''Չեմ Վախնար'' կարգախօսով քայլարշաւ ահաբեկչութեան դէմ։


Պարսելոնայի մէջ շաբաթ օր տեղի ունեցաւ Սպանիոյ ղեկավարներու գլխաւորութեամբ բազմահազարնոց ցոյց մը:

«ՌԻԱ Նովոսթի», վկայակոչելով սպանական պատկերասփիւռի կայանը, կը հաղորդէ, թէ երթը, որուն մասնակցած են Պարսելոնայի հազարաւոր բնակիչներ եւ այցելուներ, գլխաւորած են Սպանիոյ թագաւորութեան առաջին դէմքերը` Ֆիլիփէ Զ. թագաւորը, վարչապետ Մարիանօ Ռախոյը, Քաթալոնիոյ կառավարութեան ղեկավար Քարլես Փուչտեմոնը, Պարսելոնայի քաղաքապետ Ատա Քոլաուն, ինչպէս նաեւ քաղաքական կուսակցութիւններու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները:

Ցոյցը տեղի ունեցած է քաթալոներէնով «Նօ Թինք Փոր» («Չեմ վախնար») կարգախօսին ներքեւ: Ցոյցը նուիրուած էր 17 օգոստոսին Քաթալոնիոյ մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութիւններու զոհերու յիշատակին:

Պարսելոնայի, Քամպրիլիսի եւ Ալքասարի մէջ ահաբեկչական յարձակումներուն պատճառով արձանագրուած էր 15 զոհ եւ 100-է աւելի վիրաւոր:








All the contents on this site are copyrighted ©.