2017-08-28 09:26:00

Ահաբեկչութեան կասկածանքով Լոնտոնի մէջ ձերբակալուած է 30-ամեայ տղամարդ մը։


Լոնտոնի մէջ Պաքինկհամ պալատին մօտ տեղի ունեցած միջադէպէն ետք երկրորդ կասկածեալը ձերբակալուած է: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:

Երէկ առաւօտեան ոստիկանութեան ահաբեկչութեան դէմ պայքարի յատուկ ջոկատի անդամները խուզարկած են մայրաքաղաք Լոնտոնի արեւմտեան շրջանին մէջ գտնուող տուներէն մէկը եւ այդտեղ ձերբակալած 30 տարեկան տղամարդ մը, որուն շուրջ ահաբեկչական գործողութիւն կատարելու, այդ գործողութեան մասնակցելու, ինչպէս նաեւ նախապատրաստելու կասկածներ գոյութիւն ունին: Այս մասին կը յայտնէ Լոնտոնի ոստիկանութիւնը:

25 օգոստոսի գիշերը 26 տարեկան տղամարդ մը դաշոյնով յարձակած էր Լոնտոնի Պաքինկհամ պալատի ոստիկաններուն վրայ: Մինչ այդ, ոստիկանները պալատին մօտ կանգնած ինքնաշարժին մէջ մեծ դաշոյն նկատած էին եւ որոշած ձերբակալել վարորդը:

Վերջինս յարձակած էր ոստիկաններուն վրայ եւ թեթեւ վնասուածքներ պատճառած:

«Պի.Պի.Սի.»-ի փոխանցումով, յարձակողը նոյնպէս վնասուածքներ ստացած է: Ոստիկանութիւնը տեղի ունեցածը ահաբեկչութիւն որակած է:

Վերջին ամիսներուն Բրիտանիոյ մէջ շարք մը ահաբեկչական գործողութիւններ կատարուած են` հիմնականին մէջ միայնակ անձի կամ ոչ մեծ խումբերու կողմէ:
3 յունիսին Լոնտոնի մէջ ինքնաշարժ մը վրայերթի ենթարկած էր լոնտոնեան կամուրջի շրջանին մէջ քալողները, ապա ինքնաշարժէն դուրս եկած էին երեք ահաբեկիչներ եւ դաշոյնով յարձակած անցորդներու վրայ, որուն պատճառով արձանագրուած էին 7 զոհեր եւ տասնեակ մը վիրաւորներ:
Յարձակումին պատասխանատուութիւնը ստանձնած էր ՏԱՀԵՇ-ը:








All the contents on this site are copyrighted ©.