2017-08-28 11:54:00

2017-ի սկիզբէն ի վեր Հնդկաստանի մէջ խոզի կրիփէն մահացած է աւելի քան 900 հոգի։


Հնդկաստանի առողջապահութեան նախարարը յայտարարեց, որ այս տարուան սկիզբէն ի վեր Հնդկաստանի մէջ աւելի քան 900 անձեր մահացած են «Էյչ1Էն1» ժահրին` խոզի կրիփի պատճառով:

Նախարարութեան պաշտօնատարները նշեցին, որ այդ թիւը եռապատիկն է անցեալ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին ընթացքին այդ ժահրին պատճառով մահացածներու թիւին: Զոհերու նուազագոյն թիւը` 1786, արձանագրուած է 2015-ին, իսկ այդ ատեն ամէնէն շատ զոհեր արձանագրուած են Մահարաշթրա (409) եւ Կուժարաթ (190) նահանգներուն մէջ:

Կուժարաթի նահանգային կառավարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, թէ անցեալ շաբաթ նշեալ նահանգին մէջ առնուազն 50 անձեր մահացած են խոզի կրիփի պատճառով, ինչ որ զոհերուն թիւը բարձրացուցած է 242-ի:








All the contents on this site are copyrighted ©.