2017-08-27 12:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 27 օգոստոս 2017-ի կէսօրին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը որուն ընթացքին ներկայացուց խորհրդածութիւն մը քաղուած Մատթէոսի Աւետարանէն ուր կը պատմուի Պետրոսի դաւանանքի մասին երբ ան` Յիսուսին աշակերտներուն ուղղած հարցումին թէ ''Ո՞վ կը կարծեն թէ ինք ըլլայ կը պատասխանէ ''Դուն ես Քրիստոսը, կենդանի Աստուծոյ Որդին''

Երբ Յիսուս կ՚երթար Փիլիպպոսի Կեսարիային երկրամասը՝ հարցուց իր աշակերտներուն. «Մարդիկ ի՞նչ կ՚ըսեն, ո՞վ եմ ես՝ մարդու Որդին»: 14Անոնք ըսին. «Ոմանք կ՚ըսեն թէ Յովհաննէս Մկրտիչն ես, ուրիշներ՝ Եղիան, ուրիշներ ալ՝ Երեմիան կամ մարգարէներէն մէկը»: 15Ըսաւ անոնց. «Իսկ դո՛ւք ի՞նչ կ՚ըսէք, ո՞վ եմ»: 16Սիմոն Պետրոս պատասխանեց. «Դուն Քրիստո՛սն ես, ապրող Աստուծոյ Որդին»: 17Յիսուս ըսաւ անոր. «Երանի՜ քեզի, Սիմո՛ն, Յովնանի՛ որդի. որովհետեւ ո՛չ թէ մարմինն ու արիւնը յայտնեցին քեզի ասիկա, հապա իմ Հայրս՝ որ երկինքն է: 18Ես ալ կը յայտարարեմ քեզի. “Դուն Պետրոս ես, եւ այս վէմին վրայ պիտի կառուցանեմ իմ եկեղեցիս, ու դժոխքին դռները պիտի չյաղթեն անոր: 19Երկինքի թագաւորութեան բանալիները պիտի տամ քեզի, եւ ի՛նչ որ երկրի վրայ կապես՝ երկինքի մէջ կապուած պիտի ըլլայ, ու ի՛նչ որ երկրի վրայ արձակես՝ երկինքի մէջ արձակուած պիտի ըլլայ”»: 20Այն ատեն աշակերտներուն պատուիրեց՝ որ ո՛չ մէկուն ըսեն թէ ինք Քրիստոսն է:

Մատթէոսի Աւետարանի այս հատուածէն (Մատթ 16, 13-20) մեկնելով է որ Նորին Սրբութիւնը կը հաստատէ թէ «Յիսուս ուզեց փորձի ենթարկել աշակերտներուն հաւատքը» զանոնք զանազանելով ամբոխէն։ Եւ ահա Պետրոս ներշնչուած Աստուծմէ հարցումին պատասխան կու տայ, որուն հիման վրայ ապա Յիսուս Պետրոսին կ՛ըսէ «Դուն Պետրոս ես, եւ այս վէմին վրայ պիտի կառուցանեմ իմ եկեղեցիս...»։

Այսօր եւս Յիսուս կ՛ուզէ շարունակել կառուցել իր Եկեղեցին, ըսաւ ապա Սրբազան Պապը մատնանշելով այդ տան հիմքերուն ուր չեն պակսիր ճեղքերը` որոնք կարիքն ունին վերաշինութեան։ Եկեղեցին միշտ կարիքը ունի վերանորոգումի ու բարեփոխումի, յարեց ապա Սրբազան Պապը, դիտել տալով թէ մեզմէ ամէն մին փոքրիկ քար մըն է ու թէ ոչ մէկ քար ապարդիւն է որովհետեւ Յիսուսի ձեռքերուն մէջ այդ քարը կը դառնայ արժէքաւոր։

Խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը ընդգծեց նաեւ Եկեղեցւոյ մէջ հաղորդութեան ու միութեան կարեւորութիւնը հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութիւնը որպէսզի մեզի ընկերանայ իրականացնելու համար լիակատար միութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.