2017-08-27 13:51:00

Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը ի սպաս Մայանմարի «Ռոհիկիա» ցեղախումբին։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 27 օգոստոսի կէսօրին, իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան Աղօթքի աւարտին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ողջունելով Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորները յատուկէն յիշեց անցեալ օրերուն Պանկլատէշը, Նեփալը եւ Հնդկաստանը հարուածող ջրհեղեղները իր մօտիկութիւնը յայտնելով այդ երկիրներու բնակչութեան ու վստահեցնելով իր աղօթքները բոլոր անոնց որոնք այս բնական աղէտի հետեւանքով կը տառապին։

Նորին Սրբութիւնը ապա յատուկ կոչ ուղղեց ի պաշտպանութիւն Մայանմարի «Ռոհինկիա» իսլամ ցեղախումբի անդամներուն ըսելով «մեզի հասան տխուր լուրեր հայող մեր Ռոհինկիա եղբայրներու կրօնական փոքրամասնութեան դէմ կատարուող հալածանքներուն։ Կ՛ուզեմ իմ  մօտիկութիւնս յայտնել անոնց, ու մենք բոլորս Տիրոջմէ կը խնդրենք որ ազատէ զանոնք ու անոնց օգնութեան ուղարկէ բարի կամք ունեցող այրեր ու կիներ, որոնք անոնց շնորհեն լիակատար իրաւունք։ «Աղօթենք մեր Ռոհինկիա եղբայրներուն համար» հրաւէր ուղղեց Սրբազան Քահանայապետը ու շարունակեց ողջունել զանազան վայրերէն հրապարակ ժամանած հաւատացեալները հուսկ բոլորին մաղթեց բարի կիրակի, ինչպէս միշտ խնդրելով որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.