2017-08-26 11:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Չեսթոքովայի Տիրամօր ծիսական տօնին առթիւ ։


(Ռատիօ Վատիկան) 26 օգոստոսին կը յիշատակուի Լեհաստանի Չեսթոքովայի Տիրամօր ծիսական տօնը։ Այս տարի այդ տօնը ունի իւրայատուկ իմաստ որովհետեւ կը նշուի Եասնա Կորա Սրբավայրին մէջ գտնուող Աստուածամօր հրաշագործ սրբապատկերին ''թագադրութեան'' 300րդ ամեակը։

Տօնին առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը լսատեսողական յատուկ պատգամ մը ուղղեց Սրբավայր ժամանող ուխտաւորներուն որուն մէջ զանոնք ողջունելէ ետք ըսաւ. ''Եթէ Չեսթոքովան Լեհաստանի սիրտն է, այս կը նշանակէ թէ Լեհաստանը ունի մայրական սիրտ մը. կը նշանակէ թէ ամէն մէկ կեանքի բաբախում, տեղի կ՛ունենայ Աստուածամօր հետ։ Անոր է որ որ դուք կը վստահիք ամէն ինչ, անցեալը, ներկան, ապագան, ձեր կեանքի ու ձեր սիրելի երկրի ուրախութիւններն ու անձկութիւնները եւ այս ամէնը գեղեցիկ երեւոյթ են'' յարեց Սրբազան Քահանայապետը վերյիշելով նաեւ անցեալ տարի Սրբավայրին տուած ուխտաւորի իր այցելութիւնը` Լեհաստանի Քրիստոնէացման 1050-րդ տարեդարձին առթիւ ու ակնարկելով այս տարուայ Յոբելեանին` Եասնա Կորա Տիրամօր թագադրութեան 300 ամեակին։

''300 տարիներ առաջ ըսաւ Ֆրանչսիկոս Պապ, Քահանայապետը թոյլտուութիւն շնորհեց Քահանայապետական Թագ զետեղել Տիրամօր Սրբապատկերին վրայ, ձեր Թագուհին։ Մեծ պատիւ է Տիրամայրը ունենալ որպէս Թագուհի, սակայն աւելի մեծ ուրախութիւն է նաեւ ունենալ Թահգուհի մը որպէս Մայր...Մայր մը որ հեռու չէ այլ, ինչպէս կը յայտնէ սրբապատկերը,  կ՛ ողջագուրէ իր Որդին ու անոր հետ միասին մեզ բոլորս իր զաւակները։ Իսկական Մայր մը, Մայր մը որ կը տառապի որովհետեւ իր վրայ կ՛առնէ մեր կեանքի հարցերը։ Մօտիկ մայր մը, քնքուշ Մայր մը որ մեր ձեռքը կը բռնէ  ամենօրեայ ճանապարհորդութեան ընթացքին։''

Սրբազան Քահանայապետը հուսկ բոլոր ուխտաւորներուն մաղթեց որ այս Յոբելեանը ըլլայ պատշաճ առիթ փորձարկելու թէ  այս որբութեան աշխարհին մէջ մեզմէ եւ ոչ մէկը որբ է, որովհետեւ մեզմէ իւրաքանչիւրը իր մօտ ունի Մայր մը, Թագուհի մը` անհուն քնքշութեամբ։ Ան մեզ կը ճանչնայ ու մեզի կ՛ընկերանայ մայրական իւրայատուկ ոճով. հեզաբարոյ ու միեւնոյն ժամանակ քաջ, համբերատար չարին դիմաց ու գործունեայ հաշտութիւնը հրահրելու մէջ։

Թող որ Տիրամայրը ձեզի պարգեւէ շնորհքը միասին ուրախանալ որպէս մէկ ընտանիք որ համախմբուած է իր Մօր շուրջ  - ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը լսատեսողական պատգամին աւարտին առաքելական օրհնութիւնը շնորհելով բոլոր ներկաներուն ու ինչպէս միշտ խնդրելով որ բարեհաճին աղօթել իրեն համար։

Թող ձեզ օրհնէ Ամենակալ Աստուած` Հայր, Որդի եւ Սուրբ Հոգի - յարեց Սրբազան Պապը պատգամը եզրափակելով։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.