2017-08-26 09:59:00

Սուրբ Օգոստինոսին տօնին առիթով Կարդինալ Փարոլին Փավիայի մէջ Սուրբ Պատարագ կը մատուցանէ ։


«Ռատիօ Վատիկան» Երկուշաբթի, 28 օգոստոս 2017-ին, լատին  ծէսին համաձայն կը նշուի Սուրբ Օգոստինոսի տօնը։  Այս առիթով, Վատիկանի Պետական Քարտուղար՝ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին,  Ւտալիոյ Փավիա Քաղաքը գտնուող ''San Pietro in cel''  եկեղեցւոյ մէջ կը մատուցանէ Սուրբ Պատարագ։ Եկեղեցւոյ մէջ պահպանուած են Սուրբին աճիւնները։

Սուրբ Օգոստինոս վախճանած է 28 օգոստոս 430-ին՝ Ափրիկէի Ւփփոնա քաղաքին մէջ, ուր  40 տարիներ ամբողջ  զբաղած է հովուական ծառայութեամբ։

6-րդ դարուն, Սուրբին  աճիւնները  նախապէս փոխադրուած են Ւտալիոյ Սարտենիա կղզիին  Օգոստինեան միաբանութեան վանք,   զանոնք  ազատելու համար բարբարոսներու ձեռքէն, ապա  Հիւսիային Ւտալիոյ թագաւորութեան  օրով ՝Լիութփրանտօ Արքան սուրբին աճիւնները փոխադրել տուած է  Ւտալիոյ Փավիա քաղաք։  








All the contents on this site are copyrighted ©.