2017-08-26 10:14:00

«Իսլամական պետութիւն»ը իր գողօնին մեծ մասը Թուրքիոյ մէջ ծախած է


ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- «Ուոլ Սթրիթ Ճըրնըլ» թերթը կը գրէ, թէ «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութեան եկամուտի կարեւոր աղբիւրներէն մէկն է Սուրիայէն եւ Իրաքէն գողցուած հնութիւններու վաճառքը, որ գլխաւորաբար Թուրքիոյ մէջ կը կատարուի։
Ըստ նոյն թերթին՝ այս կազմակերպութիւնը, վերջին քանի մը տարիներուն, տարեկան մօտաւորապէս 100 միլիոն տոլար եկամուտ ապահոված է թալանի այս ճամբով։ Զինեալները Իրաքի եւ Սուրիոյ պատմական տաճարներէն ու կառոյցներէն թալանած իրենց գողօնը միջազգային շուկայ կը հասցնեն՝ Թուրքիոյ մէջ գողօններու առեւտուրով զբաղող ցանցի մը միջոցաւ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.