2017-08-26 10:09:00

«Ազդակ»-ի ապագայ լրագրողներու պատրաստութեան վարժողական ծրագիրը պաշտօնապէս սկսաւ


«Ազդակ»-ի խմբագրութեան կազմակերպած լրագրութեան վարժողական ծրագիրը պաշտօնապէս սկսաւ երէկ, երբ հայկական վարժարաններու միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններու աշակերտներ Կալի Աւագեան, Ռուբէն Խաչատուրեան, Հուրի Հալէպլեան, Նանար Մինասեան, Նարեկ Քէշիշեան, Գոհար Եագուպեան, Սիլվի Սէրայտարեան, Ալիսիա Իշխանեան, Լոռի Գորէսեան երեկոյեան ժամը 5:00-ին «Ազդակ»-ի խմբագրատան «Չաղլասեան» սրահին մէջ կատարեցին իրենց առաջին հանդիպումը` իրենց խումբին համար ընտրելով «Ապագայ լրագրողներ» անունը:

Ծրագիրին մաս պիտի կազմեն նաեւ Արենի Խաչատուրեան, Նարօտ Սէրուժեան, Նանի Գալուստեան, Աւետիս Ապագլեան եւ Քրիստ Իսկենտերեան, որոնք երէկուան հանդիպումին ներկայ չէին` ճամբորդութեան եւ այլ պատճառներով:

Այս առիթով «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան «Ապագայ լրագրողներ»-ուն ուղղեց իր ողջոյնի խօսքը` շեշտելով, որ «Ազդակ»-ին համար կարեւոր է անոնց ընդառաջումը վարժողական այս ծրագիրին:

Ան վարժողական այս ծրագիրը բաւական լուրջ նկատեց` մաղթելով, որ այս ծրագիրին անոնց մասնակցութիւնը կ՛ըլլայ հետեւողական, որովհետեւ ծրագիրին գործադրութիւնը երկարատեւ պիտի ըլլայ` դպրոցական պարտաւորութիւնները` դասերն ու պետական քննութիւնները չխաչաձեւելու նպատակով:

Շ. Գանտահարեան շեշտեց, որ վարժողական ծրագիրը պիտի ընդգրկէ նաեւ հայկական իրականութեան մէջ պատասխանատու անձնաւորութիւններու հետ հանդիպումներու շարք մը, որպէսզի ծրագիրը բաւական համապարփակ ըլլայ:

«Լրագրութեան այս դպրոցը պիտի ծառայէ, որ մենք իրարու օգտակար ըլլանք եւ երիտասարդական այս կարեւոր խաւը ներգրաւուած պահենք մեր թերթին», ըսաւ ան:

Շ. Գանտահարեան «Ապագայ լրագրողներ»-ուն հետ բաժնեց իր անձնական փորձառութիւնը` վերյիշելով այն տարիները, երբ նաեւ ինք իբրեւ երիտասարդ «Ազդակ»-ի մէջ մասնակցած է նման վարժողական ծրագիրի եւ կապուած մնացած մամուլին:

«Կը վստահեցնեմ, որ այս ծրագիրը ձեզի համար տարբեր եւ իւրայատուկ փորձառութիւն մը պիտի ըլլայ եւ կը մաղթեմ, որ առաւելագոյնս օգտուիք ձեզի ընձեռուած այս փորձառութենէն: Յաջողութիւ՛ն բոլորիդ», եզրափակեց ան:

Լրագրութեան վարժողական ծրագիրին գործադրութեան պիտի հսկէ «Ազդակ»-ի խմբագրակազմի անդամ Արշօ Պալեան: Ան առաջին հանդիպումին առիթով նշեց, որ վարժողական ծրագիրը պիտի ունենայ տեսական, դասախօսական եւ գործնական բաժիններ` աւելցնելով, որ մասնակցողները առիթ պիտի ունենան հետեւելու թղթակցութեան, հարցազրոյցի, յօդուածագրութեան, ուսումնասիրութեան, արագ լրահոսի դրութեան, ինչպէս նաեւ մօտէն ծանօթանալու գրաշարութեան, էջադրումի աշխատանքներուն եւ ծրագիրի աւարտին ունենալու իրենց յատուկ հրատարակութիւնը:

«Ապագայ լրագրողներ»-ը վարժողական ծրագիրի հետեւող լրագրողի կարգավիճակով պիտի այցելեն Լիբանանի մէջ գործող ազգային կառոյցներ` մօտէն ծանօթանալու անոնց աշխատանքներուն եւ ապա տեղեկատուական յօդուածներ պատրաստելու այդ բոլորին մասին:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.