2017-08-25 09:28:00

Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանի կոչը Հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն


Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանը, պատրիարքի եւ հոգաբարձուներու խորհուրդի ընտրութիւններուն համար, դիմած է հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն: Այս մասին նշուած է Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի դիմատետրի էջին:

«Ինչպէս յայտնի է, պատրիարքի եւ հոգաբարձուներու խորհուրդի ընտրութիւններուն քուէարկող ընտրողներու ցուցակը արդէն երկար ժամանակ է, ցաւօք, չէ թարմացուած»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Պատրիարքարանը նշած է, որ միայն ցուցակներու թարմացումով հնարաւոր պիտի ըլլայ իրականացնել առողջ ընտրութիւններ եւ ապահովել ընտրողներու մասնակցութեան բարձր մակարդակ:

«Այս փուլով, երբ կը պատրաստուինք 85-րդ պատրիարքական ընտրութիւններուն, կը խնդրենք յանուն մեր հասարակութեան եւ հայ եկեղեցւոյ ապագային՝ անձնագիրերով ներկայանալու ձեր թաղամասերու եկեղեցիներ եւ արձանագրուելու ընտրութիւն կատարելու համար»:








All the contents on this site are copyrighted ©.