2017-08-25 09:38:00

Թուրքիա աստիճանաբար աւելի բռնատիրական կը դառնայ. Փամուք


ՊՈԼԻՍ.- Նոպէլեան գրականութեան մրցանակ շահած թուրք հեղինակ Օրհան Փամուք հարցազրոյց մը ունեցած է ամերիկեան «Սի.Էն.Էն.» լրատուամիջոցին հետ՝ ըսելով. «Բոլորին համար անհանգիստ եմ: Թուրքիոյ մէջ խօսքի ազատութեան սահմանները շարունակաբար կը նեղնան, իսկ երկիրը հետզհետէ աւելի ու աւելի բռնատիրական կը դառնայ»: Փամուք ըսած է, որ Թուրքիա նաեւ աստիճանաբար աւելի կը հեռանայ եւրոպական արժէքներէն՝ ցաւ յայտնելով, որ Թուրքիոյ բնակչութեան ոչ իշխանամէտ կէսը անտեսուած է, ինչ որ «անընդունելի՛» որակած է:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.