2017-08-24 12:42:00

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 24 օգոստոսի պաշտօնական հանդիպումները։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի` 24 օգոստոս 2017-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Եկեղեցիներու Համաշխարհային խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար` Վերապատուելի Օլավ Ֆիսքը եւ անոր ընկերացող Տիկ Անիէս Ապուոմին որ է վերոնշեալ խորհուրդի կեդրոնական կոմիտէի ատենապետը։

Սրբազան Քահանայապետը ապա ընդունեց գերապայծառ Էմիլ Փօլ Թշերրիկը` Արժանթինի մօտ առաքելական նուիրակ, հուսկ կէսօրին, Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ, ունկնդրութիւն շնորհեց Իտալիոյ Ծիսական 68-րդ շաբթուայ Ազգային հաւաքին մասնակիցներուն։

Այս առթիւ արտասանած իր ճառին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ մատնանշեց Վատիկանեան Բ Տիեզերական Ժողովին ծիսական ասպարէզէն ներս մէջբերած ներդրումներուն ու վերանորոգումներուն ինչպէս նաեւ պատմութեան հոլովոյթին այս ծիրէն ներս Քահանայապետերու միջամտութիւններուն ու անոնց առաջարկած բարեփոխումներուն սկսեալ Պիոս Ժ քահանայապետէն որ մեծ ներումներ կատարեց հոգեւոր երաժշտութեան մէջ անցնելով Պիոս ԺԲ Քահանայապետէն որուն մղումով ստեղծուեցաւ ''Ծիսական ներգործութեան կեդրոնը''։

Նորին Սրբութիւնը ապա յատուկէն անդրադարձաւ Վատիկանեան Բ տիեզերական Ժողովի ''Sacrosanctum Concilium'' ծիսական սահմանադրութեան, որուն  բարեփոխումի ընդհանուր գիծերը, ըսաւ Ան - կը համապատասխանէին նորոգումի իսկական կարիքներուն, արտայայտելու համար Եկեղեցւոյ կենդանութիւնը խորհուրդներու մատակարարումի ընդմէջէն։

''Այսօր եւս կարիքը կայ աշխատելու այդ ուղղութեամբ ու հասկնալու բարեփոխումներու պատճառներն ու այդ ուղղութեամբ առնուած քայլերը'' ըսաւ հուսկ Սրբազան Պապը  ու մատնանշեց վերոնշեալ հաւաքի նիւթին ''կենդանի ծէս մը կենդանի եկեղեցւոյ համար''։

Ծէսը կենդանի է այն պատճառով որ Ան որ մեռներով կործանեց մահը եւ Յարութիւն առնելով մեզի կեանք պարգեւեց` ներկայ է մեր մէջ - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու աւելցուց - Առանց Քրիստոսի խորհուրդի իսկական ներկայութեան, ոչ մէկ կենդանութիւն կայ ծիսակատարութեան մէջ, այնպէս ինչպէս առանց սրտի զարկի չկայ մարդկային կեանք, այդպէս ալ առանց Քրիստոսի տրոփող սրտին չկայ ծիսական ներգործութիւն։

Սրբազան Քահանայապետը մատնանշեց ապա ծիսակատարութիւններու երեւելի նշաններուն սկսեալ խորանէն որ կը յատկանշէ Քրիստոսը` որպէս կենդանի ժայռ, անկիւնաքար որուն վրայ հիմնուած է հոգեւոր կառոյցը եւ ուր Աստուծոյ կը նուիրուի ջերմեռանդութիւնը։  

Ծէսը ապա կեանք է համայն Եկեղեցւոյ ժողովուրդին համար ըսաւ Նորին Սրբութիւնը որովհետեւ ծէսը հիմնականօրէն ''ժողովրդային է'' որովհետեւ ան ժողովուրդին համար է ու ժողովուրդէն կը բխի։ Ծէսը ապա ներառող է, հաղորդութեան ջատագով, որովհետեւ իւրաքանչիւրը կը կանչէ ամէն մին իր կոչումով եւ իւրայատկութեամբ, սատարելու Քրիստոսի մարմնի կառուցումին։

Ծէսը կեանք է եւ ոչ թէ գաղափար, յայտնեց ապա Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով թէ ծիսակատարութիւնը վարդապետութիւն մը չէ, այլ կեանքի աղբիւր է մեր հաւատքի ուղեւորութեան համար։

Մեծ տարբերութիւն կայ ''Աստուած գոյութիւն'' ունի ըսելու մէջ ու զգալու թէ Աստուած մեզ իսկապէս կը սիրէ, այնպէս ինչպէս որ ենք։

Ծիսական աղօթքին մէջ մենք կը փորձարկենք հաղորդութիւնը ու եկեղեցին կը դառնայ Քրիստոսի հետ միակ էակ որ կեանք կը պարգեւէ, մայրական է, միսիոներական է, դուրս կու գայ ինքն իրմէ ու կ՛ընթանայ դէպի ուրիշը, կը հրաւիրէ ծառայելու առանց ձգտելու աշխարհիկ իշխանութեան – յարեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ապա երկարաշունչ ճառը աւարտեց քաջալերելով ներկաները շարունակելու իրենց գործունէութիւնը` ծառայելով Աստուծոյ Սուրբ ժողովուրդին հուսկ խօսքը եզրափակեց ներկաներէն խնդրելով որ աղօթեն իրեն համար ու անոնց տուաւ առաքելական օրհնութիւն։  








All the contents on this site are copyrighted ©.