2017-08-24 17:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապի լսատեսողական պատգամը Արժանթինի «Էզէյրա» բանտի համալսարանական կեդրոնի սաներուն


«Ռատիօ Վատիկան»  Հինգշաբթի, 24 օգոստոս 2017-ին՝ յետմիջօրէին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը պատկերասփռուած պատգամ մը յղեց Արժանթինի  Էզէյրա բանտի համալիրին մէջ գտնուող աշակերտներուն։

Պատգամին մէջ Սրբազան Քահանայապետը ողջունելէ ետք «Էզեյրա» բանտի համալսարանականները գոհունակութիւն յայտնեց բանտի մը մէջ գտնուող նման մշակութային,  աշխատանքային   եւ մարդկայնութեան նշան համարուող կեդրոնի մը ի տես,  աւեցնելով որ  ''այդ մէկը  կարելի պիտի չ՛ըլլար  եթէ բանտի անձնակազմը՝ մարդկային  զգացականութեամբ  օժտուած չ՝ըլլար'',  ապա շնորհակալութիւն յայտնեց բանտի համալիրին մէջ նոր բացուած  երաժշտական բաժանմունքի  ծրագիրը իրականացնողներուն ու անոնց համագործակիցներուն։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծելով, թէ  բանտի մշակութային կեդրոնը, կեանքի շունչ ու պարգեւ մըն է  հրաւիրեց բանտարկեալները, որ զայն ամէն օր ընկալեն՝ որպէս պարգեւ,  դիտել տալով որ անոր պահպանումը դիւրին չէ ու թէ հակառակ բազմաթիւ  դժուարութիւններուն հարկաւոր է, որ ամէնքը սատարեն անոր խնամքին, պահպանութեան ու աճումին։   

Նորին Սրբութիւնը ապա խօսքը ուղղելով բանտի կալանաւորներուն, որոնք իրենց  յանցագործութեան պատիժը կը կրեն,  անդրադարձաւ պատիժի արդիւնաբերութեան մասին ըսելով, որ ''պատիժը  արդիւնաբեր կը  դառնայ երբ  օժտուած ըլլայ յոյսի հեռանկարով, այլապէս անիկա ինքնիր մէջ ներփակուած կը մնայ եւ կը դառնայ լոկ տառապանքի գործիք ու կը դադրի  արդիւնաւոր պատիժ ըլլալէ։ 

Ֆրանիչսկոս Սրբազան Քահանայապետը լսատեսողական պատգամը աւարտեց ըսելով, ''հարցերը միշտ գոյութիւն ունին եւ կը շարունակուին,   սակայն յոյսի հորիզոնը աւելի մեծ է քան հարցերը, յոյսը կը գերազանցէ բոլոր հարցերը'' ապա ներկաներէն  խնդրեց որ աղօթեն իրեն համար ու բոլորին շնորհեց  Աստուածային օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.