2017-08-24 13:06:00

Պարսելոնայի մէջ երիտասարդական հաւաք ''Եւրոպայի երիտասարդներ վասն խաղաղութեան''։


(Ռատիօ Վատիկան) ''25-27 օգոստոսին, Սանդ էճիտիոյ հասարակութեան կազմակերպութեամբ,  Պարսելոնայի մէջ տեղի կ՛ունենայ երիտասրադաց հաւաք որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Եւրոպայի զանազան երկիրներէն երիտասարդներ ''այո'' ըսելու համար խաղաղութեան եւ զօրակցութեան ու ''ոչ'' ահաբեկչութեան ու բաժանումներուն, որոնք կը սպառնան համակեցութեան ու ցամաքամասի ապագային''։ Սոյն լուրը կը հաղորդէ Սանդ Էճիտիոյ հասարակութիւնը որ այս առթիւ հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշէ նաեւ թէ '' Ասսիզիէն, Քրաքովիայէն, Պերլինէն, Անվերսէն ու Փարիզէն ետք, Եւրոպայի խաղաղութեան համար Երիտասարդներու 7-րդ Միջազգային հանդիպումը կը նախատեսէ երեք օր տեւող հանդիպումներ, խորհրդածութիւններ, յարաբերութիւններ, այցելութիւններ ու բարեկամութիւն­, որոնց առանցքը պիտի կազմէ ''Աւելի երիտասարդ, աւելի խաղաղութիւն'' բնաբանը եւ որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն հարիւրաւոր համալսարանականներ ու Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան Ափրիկէի, Ասիայի եւ Լատին Ամերիկայի ներկայացուցիչներ''։

''Վերոնշեալ հաւաքը կ՛ուզէ արտայայտել խաղաղութեան տեսլականը ու բոլորին յղել խաղաղութեան զօրեղ կոչը'' կը կարդանք Սանդ էճիրիոյ հասարակութեան հրատարակած հաղորդագրութեան մէջ, ուր ապա նշուած է թէ ''ուրբաթ 25 օգոստոսի երեկոյեան երիտասարդները, Պարսելոնայի հանրածանօթ ''Ռամպլա''ի վրայ ծաղկեփունջ պիտի զետեղեն Պարսելոնայի եւ Քամպրիլսի մէջ ահաբեկչութեան զոհերու յիշատակին համար­, այնտեղ հրապարակաւ կարդալով ''Խաղաղութեան Պայմանագիրը'', իսկ շաբաթ 26 օգոստոսին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն ահաբեկչութեան դէմ ու համակեցութեան համար կազմակերպուած ցոյցին, որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան նախագահ` Տիար Մարքօ Իմփալիացցօ։








All the contents on this site are copyrighted ©.