2017-08-24 12:36:00

Կարդինալ Փարոլին Փութինի հետ հանդիպումով աւարտեց Ռուսիա կատարած առաքելութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Մոսկուա կատարած առաքելութեան ծիրէն ներս Վատիկանի Պետական Քարտուղարը` Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին,  Չորեքշաբթի 23 օգոստոսին հանդիպում ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Տիար Վլատիմիր Փութինի հետ, անոր Սոչիի ամարային բանակավայրին մէջ։

Հանդիպումին աւարտին Ծիրանաւորը վերադարձ կատարեց Մոսկուա եւ հինգշաբթի 24 օգոստոսին եզրափակեց Ռուսիա կատարած առաքելութիւնը ու վերադարձ կատարեց Վատիկան։ 

Ռուսիոյ նախագահին հետ հանդիպումը տեւեց գրեթէ մէկ ժամ, կը յայտնէ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը նշելով թէ  հանդիպումը տեղի ունեցաւ դրական մթնոլորտի մէջ, փոխադարձ յարգանքով եւ ունկնդրութեամբ ինչպէս նաեւ միջազգային ու երկկողմանի զանազան հարցերու շուրջ բաց երկխօսութեամբ։

Կարդինալ Փարոլինը այս առընչութեամբ յատուկէն ընդգծեց  դէպի յառաջ իրականացուած քայլերը, շնորհիւ հանդիպումներու, շփումներու եւ ձեռնարկներու որոնք տեղի կ՛ունենան երկու պետութիւններու միջեւ ինչպէս է պարագան պայմանագրին որ ստորագրուեցաւ անցեալ երեքշաբթի օր` ուր կը նախատեսուի դիւանագէտներու առանց Վիզայի ճամբորդութիւնը։

Նախագահ Փութին իր կարգին նշեց թէ Վատիկանի հետ յարաբերութիւնները կառուցողական են ու հիմնուած մարդկայնական համընդհանուր արժէքներու վրայ։ Ան ապա իր գոհունակութիւնը յայտնեց Ռուս եւ Լատին եկեղեցիներու միջեւ ձեռք բերուած նոր  համագործակցութեան ընթացքին ի տես։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.