2017-08-23 11:00:00

Ըմբիշ Մաքսիմ Մանուկեան՝ աշխարհի ախոյեան


Մաքսիմ Մանուկեան Երեքշաբթի, Օգոստոս 22-ին հռչակուեցաւ աշխարհի ախոյեան, Փարիզի մէջ իր աւարտին հասնող յունահռոմէական ըմբշամարտի աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն ընթացքին։ Այս մասին կը հաղորդէ News.am-ը։

80 քլկ. կշիռքի աւարտական մրցումին, Մաքսիմ Մանուկեան ճակատեցաւ այս տարուան Եւրոպայի փոխախոյեան Ռատիք Քուլիեւի դէմ, որ Պելոռուսը կը ներկայացնէ, սակայն  ազգութեամբ լեզկի է: Մաքսիմ 5-0 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրեց։

Այս յաղթանակով, Մաքսիմ Մանուկեան իր մարզական ասպարէզին ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով դարձաւ աշխարհի ախոյեան:

Յիշեցնենք, որ Մանուկեան կիսաւարտականին տպաւորիչ այլ յաղթանակ մը ապահոված էր վրացի Զուրապի Տաթունաշվիլիի դէմ, 7-0 արդիւնքով, իսկ քառորդ աւարտականին 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնած էր Գերմանիոյ ներկայացուցիչ Փասքան Այզելէն:

 30ամեայ Մաքսիմ Մանուկեանի մարզիչն է Ալեքսան Յովհաննիսեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.