2017-08-22 10:31:00

Որովհետեւ Հզօրն սքանչելիքներ ըրաւ ինծի

Սուրբ Ղուկաս աւետարանին մէջ (Ղուկ 1,46-56), կը կարդանք ամենայ սքանչելի եւ մանաւանդ Սուրբ Հոգիով լեցուն օրհներգութիւն մը Ամենասրբուհի Կոյս Մարիամ Աստուածամօր կողմէ, այս օրհներգութիւնը շատ համբաւաւոր է ու կը կոչուի Մեծացուսցէ անձն իմ զՏէր, այսինքն «Անձս կը Մեծացուցանէ Տէրը»  կամ «Մարիամի Մեծացուսցէն»  վերնագրով:

Այս սիրուն օրհներգութիւնը երբ Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածամայրը ներշնչուած էր Սուրբ Հոգիով իր ազգականին՝ Եղիսաբեթին այցելութեան ատեն  բխած էր իր սիրազեղ սրտէն եւ  ապա անբիծ շրթունքներէն:  Այս Մեծացուսցէ օրհներգութեան մէջ երբ կ'արդանք զայն,  կը հասկնանք ու կ'ըմբռնենք Աստուածամօր խոր ու հաստատ հաւատքը, մաքուր սէրը եւ անսահման յոյսը հանդէպ իր Արարիչին, այսինքն Աստուծոյ. Այս օրհներգութիւնը դարձաւ Աստուածամօր կեանքին մէջ իմաստը իր աղախին ըլլալը Աստուծոյ, այսինքն Աստուած Ինք Մարիամը ընտրեց ըլլալու իր աղախինը եւ Իր մարմնացած միածին Որդիին մայրը, որ է մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը: Իրմով Միածին Որդին – Յիսուս Քրիստոս ծնելով Աստուած ուզեց  ազատել մարդկային բնութիւնը մեղքերէն եւ նոյնպէս իրմով բացուեցան Սերովբէներէն փակուած դրախտին դուռը, մեր նախահօր Ադամի ու նախամօր Եւայի անհնազանդութեան սկզբնական մեղքի պատճառով: Մեծացուսցէ օրհներգութեան մէջ կը հասկնանք եւ կ'ըմբռնենք  Աստուածամօր  Հաւատքը, Ան ճշմարտապէս հաւատաց Աստուծոյ հայրութեան եւ դարձաւ  Աստուած կրող որովայն, ճանչցաւ անոր Աստուածութիւնը,  Ամենակարող ըլլար, Անոր սքանչելիքները, Անոր սրբութիւնը, Անոր գթութիւնը, Անոր զօրութիւնը եւ Անոր բարիքները:

Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածամայրը պարզ անձնաւորութիւն մը չէ Նոր Կտակարանի գիրքերուն մէջ, կամ լոկ պարզ  յիշուած մի քանի անգամ եւ անձ մը որ է անդերակատար: Եթէ այդպիսի մտածող կամ ենթադրող մը կայ, կ'ըսեմ, շատ կը սխալիս եւ լի ես սխալական մտածողութեամբ: Եթէ կ'ուզենք շատ լաւ հասկնալ կամ ծանօթանալ Սուբր Կոյս Մարիամին, թէ' Ան ո՞վ է, ի՞նչու Տէր Աստուած ընտրեց այս անուշ սիրուն մայրը, որպէսզի մասնակից ըլլայ Իրէն հետ փրկչագործութեան ծրագրին մէջ եւ Ի՞նչու այս  աղախինը ընտրեց, կը թելադրեմ որ պէտք է լաւ կարդանք եւ նամանաւադ յաճախ խորհրդածենք Աստուածամօր Մեծացուսցէ օրհներգութիւնը Ղուկաս 1,46-56 աւետարանի համարները, որովհետեւ անոր խօսքերուն մէջ Սուրբ Հոգին Ինքն է խօսողը Աստուածամօր բերնով, ո՞վ ըլլալը Աստուածամօր:

Աստուածամայրը կ'ըսէ  Որովհետեւ Հզօրն սքանչելիքներ ըրաւ ինծի:   «Ղուկաս 1,49» Հզօրն այսինքն զօրաւոր, կարող եւ կարելիութիւնը ունեցող. այս բառով Աստուածամայրը կը հաւատայ որ Աստուած հզօր է այսինքն կարող ոեւէ բանի մը. սքանչելիքներ ըրաւ ինծի, այս բառերով Ան հասկցաւ, ընդունեց եւ հաւատաց որ սքանչելիքներ են այն ինչ որ  պատահեցաւ նախապէս իր հետ հրեշտակին աւետումով թէ պիտի ծնի Աստուածորդին Տէր Յիսուս Քրիստոս եւ ապա  այն ինչ որ պիտի կատարուի, երկինքէն իր սուրբ արգանդին մէջ իջաւ Աստուած մը, Թագաւոր մը, Փրկիչ մը եւ այն ինչ որ երկինքը իր հրեշտակներով չի կրցաւ հասկնալ որ անհասանելի էր՝ իրնեց  Մարիամով ճանցան եւ հասկցան:

Աստուածամօր Անձը - Հոգին ցնծաց Աստուծմով՝ իր Փրկիչովը, կ'ըսէ օրհներգութիւնը  այսինքն Ան ապրեցաւ իր Անձին - Հոգիին մէջ միութիւնը Աստուծոյ հետ, եթէ չի վայլեր Աստուծոյ ներկայութիւնը իր Անձին – Հոգիին մէջ, կարող չէր ըսելու Անձս - Հոգիս ցնծաց Աստուծմով՝ իր Փրկիչովս, Այո Մարիամ  վայլեց Աստուածային ներկայութիւնը եւ միութիւնը իր Անձին - Հոգիին մէջ, եւ այս միութեան ապրումին պատճառով  Մարիամ կրցաւ արտասանել այս խօսքերը Սուրբ Հոգիէն ներշնչուած, Աստուած այնքան սիրած էր Մարիամը, Զինք արժանի դարձուցած էր Իր Որդիին այսինքն Տէր Յիսուս Քրիստոսի մայրը ըլլալու:

Եթէ Աստուած այսքայն սիրեց, յարգեց, պատուեց եւ մանաւանդ ընտրեց Մարիամ Սուրբ Կոյսը,  դուն' ո՞վ ես կամ ես, որպէսզի մերժենք եւ անարգենք ու անպատուենք այս Մայրը: Եթէ Աստուած, Յիսուս Քրիստոս եւ Սուրբ Հոգին  կը սիրես, ուրեմն ինքնաբերաբար կը սիրես, կը յարգես ու կը պատուես այս Մայրը, որովհետեւ Աստուած նախ  ինք բոլորէն առաջ այնչափ սիրեց Մարիամը, իր Միածին Որդդին մայրը ընտրեց ըլալլու, Սուրբ Հոգին եկաւ լի Սիրով ու  հանգչեցաւ իր արգանդին մէջ Իր բնակարանը դարձուց այս Մայրը:

Սուրբ Գերմանոս հայրապետը որ ապրած էր վեցերորդ դարուն իր Աստուածամօր ուղղած մէկ ճառին մէջ կ'ըսէ «Ո'չ մէկ անձ, ո՜վ ամենասուրբ Մարիամ, կրնայ ճանչնալ զԱստուած, եթէ ոչ քու միջոցաւդ: Ո'չ մէկ անձ կրնայ ազատիլ կամ փրկուիլ եւ շնորհք ստանալ, եթէ ոչ Քեզմով, ո՜վ Աստուածածին, Կուսամայր:

Աստուածամայրը այն դպրոցն է ուր Իրմէ կրնանք սորվիլ ի՞նչպէս  հաւատալ, յուսալ ու սիրել  Աստուած, ճանչնալ Անոր եւ ապրիլ մօտիկութիւն մը ինչպէս Ինք ապրհցաւ:

Յաճախ այս սլացական աղօթքը ուղղենք Աստուածամօր, որպէսզի մեզ Ան մեզ օգնական ըլլայ աւելի մօտենալու Աստուծոյ եւ մանաւանդ իր Մայրական Սիրտին մէջ մեզ ալ

Ո՜վ ամենասուրբ Կոյս Մարիամ, օգնէ մեզի հաւատալու, յուսալու եւ սիրելու զԱստուած աւելիով, ինչպէս Դուն հաւատացիր, յուսացիր եւ սիրեցիր:

Ո՜վ ամենասուրբ Կոյս Մարիամ եղիր միշտ մեր բարեխօսը, հեռու պահէ մեզ մեղքերէն, ազատէ դժոխքի կրակէն, հասնինք արքայութեան եւ շնորհք հաստատ մնալու հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ մէջ, ո՜վ Աստուածածին, Կուսամայր:

Հայր Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեան

All the contents on this site are copyrighted ©.