2017-08-19 12:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապ «կ՝աղօթեմ ահաբեկչական յարձակումներու բոլոր զոհերուն համար»։


«Ռատիօ Վատիկան» Պարսելոնայի  եւ Եւրոպայի զանազան վայրերու մէջ ահաբեկչական գործողութիւններուն ի տես, շաբաթ 19 օգոստոս 2017-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակեց նոր թուիթ մը, որուն մէջ յայտնեց,  թէ Ւնք աղօթք կը բարձրացնէ առ Աստուած ահաբեկչական գործողութիւններու թիրախ դարձած բոլոր զոհերուն համար։

Սրբազան Հարը ապա՝ ահաբեկչական գործողութիւնները անուանելով կոյր բռնութիւն,մաղթանք յայտնեց, որ  այլեւս վերջ գտնեն նման արարքները։

«Կ՝աղօթեմ՝ այս օրերուն տեղի ունեցած ահաբեկչական յարձակումներուն բոլոր զոհերուն համար։ Ահաբեկչութեան կոյր բռնութիւնը՝ թող այլեւս  տեղ չգտնէ աշխարհին մէջ»  Գրեց Նորին Սրբութիւնը իր այսօրուայ թուիթին մէջ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.