2017-08-19 10:29:00

Սկովտիոյ մէջ կը բազմանան հակակաթողիկէ ոճիրները


«Ռատիօ Վատիկան» Սկովտիոյ մէջ վերջին տարիներուն բազմացած են կաթողիկէներու դէմ գործուած ոճիրները։ Փիթըր Քըրնի, ՍկովտիոյԿաթողիկէ Մամլոյ Գրասենեակի տնօրէնը, կոչ ուղղած է, որ պետութիւնը այդ երեւոյթին դէմ շօշափելի քայլեր առնէ։

Ան նշած է, թէ դժբախտաբար խնդիրը պէտք եղածին պէս չի հետապնդուիր եւ կանխարգիլելու համապատասխան լուծում չի փնտռուիր երբ հարցը կրօնական անհանդուրժողականութեան եւ անոր առընչուած ոճիրներուն կը հայի։

2016-2017 թուականներուն Սկովտիոյ մէջ կրօնական նախապաշարումներու 719 պարագաներ արձանագրուած են, մինչ անոնց թիւը  2015-2016 տարիներուն  642ի կը հասնէր։ Կաթողկէ եկեղեցին ամենէն աւելի թիրախ դարձած կրօնական հաստատութիւնն է. ան, ծանօթ ոճիրներուն 57 տոկոսը կը կազմէ, մինչ կաթողիկէները բնակչութեան միայն 17 տոկոսն են։

Քըրնի նկատած է, թէ սկովտիական հասարակութիւնը «կը կրէ անցեալի ատելութեան եւ վրդովմունքներուն սպիները։»

Անհանդուրժողականութեան  խնդրով, եկեղեցական առաջնորդներ հանդիպում պիտի ունենան ընկերային ապահովութեան նախարարին՝ Աննապել Իուինկի հետ։ Քըրնի նշած է, թէ խորհրդարանի մէջ կատարուած վերջին քննարկումները ցոյց կու տան «պետութեան դժկամութիւնը կրօնական ատելութեան ոճիրը ընդունելու։» Ոճիրներու հանդէպ եղած մտահոգութեան, խորհրդարանի քարտուղար Անճըլա Քոնսթանս տուած է միայն «տարտամ» պատասխան մը։

Կատարուած ոճիրները Սկովտիայի պետական նորագոյն տեղեկութեան մէջ նշուած են իբր «կրօնապէս խորացեալ վիրաւորանքներ Սկովտիայի մէջ»

Ամենէն աւելի ծանր դէպքերը արձանագրուած են Կլասկոյի մէջ։ Նախապաշարումներու հետ առընչուած դէպքերուն գրեթէ կէսը կատարուած է ալքոլի ազդեցութեան ներքոյ։  41 տոկոսը կատարուած է  30է նուազ տարիքի անհատներու կողմէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.