2017-08-18 09:29:00

Պարսելոնայի մէջ վրայերթ


Առնուազն 13 զոհ արձանագրուեցաւ եւ 100-է աւելի ուրիշներ վիրաւորուեցան, երբ փոքր փոխադրակառք մը Պարսելոնայի Լաս Ռապլաս զբօսաշրջական շրջանին մէջ վրայերթի ենթարկեց անցորդները:

Փոխադրակառքը արագօրէն խուժեց ինքնաշարժներու մուտքը արգիլուած շրջան` վրայերթի ենթարկելով անցորդները եւ ուրիշներ մղելով խանութներ ու սրճարաններ ապաստանելու:

Ականատեսներ յայտնեցին, որ փոխադրակառքը դիտաւորեալ կերպով վրայերթի ենթարկած է անցորդները` մինչեւ կանգ առնելը:

Ոստիկանութիւնը դէպքը կը նկատէ ահաբեկչական յարձակում մը: Վարորդը փոխադրակառքը լքելէ ետք փախուստի դիմած է: Ոստիկանութիւնը ձեռնարկեց հետապնդման աշխատանքի եւ ձերբակալեց կասկածեալ մը:








All the contents on this site are copyrighted ©.