2017-08-18 09:46:00

Մինսկի խմբակի նախագահները կ՛աշխատին Արցախի հարցով գագաթնաժողով կազմակերպել


ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Մարիա Զախարովա Հինգշաբթի, 17 Օգոստոսին, լրագրողներու հետ իր հանդիպման ընթացքին, մեկնաբանելով ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ամերիկացի համանախագահի յայտարարութիւնը այն մասին, թէ հարկաւոր են յստակ քայլեր ԼՂ հակամարտութիւնը կարգաւորելու համար՝ յայտնած է, որ Ռուսիա միշտ աջակցած է այն քայլերուն, որոնք ուղղուած են Արցախի հակամարտութեան գօտիէն ներս լարուածութեան նուազեցման:

Զախարովա նշած է, որ Ռուսիա իր կողմէ ամէն ինչ կ՛ընէ, որպէսզի կայունացնէ իրավիճակը եւ պայմաններ ստեղծէ բանակցային գործընթացի շարունակման համար:

Զախարովա նաեւ յայտնած է, որ ներկայիս համանախագահները կ՛աշխատին ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորմանն ուղղուած հերթական գագաթնաժողովի կազմակերպման  ուղղութեամբ:

«Խորհրդակցութիւնները կը շարունակուին ՄԱԿի Գլխաւոր վեհաժողովի նստաշրջանի ծիրին մէջ եւ Սեպտեմբերի կիսուն    այս ուղղութեամբ յայտարարութիւն կ՛ակնկալուի», նշած է Զախարովա:








All the contents on this site are copyrighted ©.