2017-08-18 10:00:00

Հայերէն Պատարագ Իզմիրի կաթողիկէ մայր տաճարին մէջ


«Ռատիօ Վատիկան» Երկուշաբթի, 14 օգոստոսին, Իզմիրի Ս. Յովհաննէս կաթողիկէ մայր տաճարին մէջ,  Հ. Վարդան Գազանճեան, մօտ 150 հաւատացեալներու մասնակցութեամբ հայածէս Սուրբ Պատարագ մատուցանեց։ Ս. Պատարագին ներկայ էին ոչ միայն հայ կաթողիկէներ, այլ նաեւ լատին ծէսի պատկանող հաւատացեալներ։

Ս. Յովհաննէս Տաճարը կառուցուած է 1862-1874 թուականներուն նոր-դասական ոճով։ Ան 50 տարի ինկած էր բանակի ձեռքը, ծառայելով նաեւ իբր իջեւան ամերիկացի ՆԱԹՕ-յի զինուորներուն։ 2013 թուականին ձեռնարկուած է եկեղեցւոյ նորոգութիւնը, եւ  սոյն տարւոյն աշնան տաճարը կրկին օծուած է։ Այնտեղ արդէն կը մատուցուին լատինածէս պատարագներ, իսկ տարւոյս 14  օգոստոսին, 95 տարիներ ետք,  առաջին անգամ ըլլալով հայածէս Սուրբ Պատարագ կը մատուցուէր։

Իզմիրի (Զմիւռնիոյ) եկեղեցին գոյութիւն ունի քրիստոնէութեան նախնական շրջանէն ի վեր։ Զմիւռնիոյ համայնքը Յովհաննու Յայտնութեան մէջ կը յիշուի։ Քաղաքի լատին եպիսկոպոսներու ցանկը կը սկսի խաչակիրներու ժամանակէն։ Իսկ նոր տաճարի կառուցումը կատարուած է ԺԹ. դարուն, այսպէս կոչուած «քրիստոնէական վերածնունդի» ժամանակ, Օսմանեան կայսրութեան մէջ, 1856ի «Հաթթ-ի Հիւմայուն»էն ետք, որ կը հաստատէր «Թանզիմաթ»ի (Նորոգումի) շրջանը։ Նաեւ Սուլթան Ապտուլազիզ Ա. իր համակրանքով մասնակցութիւնը բերած էր Մայր Տաճարի կառուցման։

Առաջին պատերազմէն ետք, 1919 թուականին, յունական բանակը կը գրաւէ Զմիւռնիան, որուն բնակչութիւնը մեծամասնութեամբ յոյներ էին։ Սակայն յոյն-թրքական պատերազմին յոյները կը կորսնցնեն Զմիւռնիան, եւ 1922 թուականի Սեպտեմբեր ամսոյն 9ին, Քեմալի բանակը կը գրաւէ քաղաքը։ Գրաւումէն չորս օր ետք, հրդեհը կը ոչնչացնէ քաղաքին մեծ մասը։ Հրդեհին զոհ կը դառնայ նաեւ հայկական թաղամասը։ Այդ դէպքին յաջորդող բախումներու ընթացքին տասնեակ հազարաւորներ կը սպանուին, եւ հարիւր հազարաւորներ կը տեղահանուին։ Այդ ժամանակ բացի կաթողիկէ եկեղեցիներէն, քաղաքին բոլոր եկեղեցիները կը քանդուին։








All the contents on this site are copyrighted ©.