2017-08-18 11:41:00

Կարդինալ Փարոլինի ցաւակցագիրը՝ Փորթուկալի մէջ պատահած արկածի առիթով։


«Ռատիօ Վատիկան» 13 օգոստոս 2017-ին, Փորթուկալի Մատեյրա կղզիին Ֆունշալ շրջանին մէջ պատահած է ծանր արկած մը, ուր  խումբ մը  հաւատացեալներուն վրայ՝որոնք հաւաքուած էին նշելու համար  Սուրբ  Կոյս Մարիամի  վերափոխման տօնը,  ինկած է ծառ մը։

Ծառի արկածը պատճառած է 13 զոհ եւ 49 վիրաւորներ։

Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փարոլին,  յանուն Ֆրանիչսկոս Պապին,  ուրբաթ, 18 օգոստոսին, ցաւակացական հեռագիր մը յղեց Մատեյրա թեմի արքեպիսկոպոս գերապայծառ՝ Անթոնիռռ Քարիլհոյին , որուն մէջ նշած է.

«Սրբազան Հայրը խորապէս տխրած է արկածի պատճառած  բազմաթիւ մեռելաներուն եւ վիրաւորներուն համար, Ան իր հոգեւոր մօտիկութիւնը կը յայտնէ զոհերու հարազատներուն եւ բոլոր անոնց որոնք թիրախ դարձան յիշեալ աղէտին»  գրած է Վատիկանի Պետական քարտուղարը ։








All the contents on this site are copyrighted ©.