2017-08-17 09:14:00

Համահայկական համագումարին պիտի քննարկուի համահայկական խորհուրդ հիմնելու գաղափարը


18-էն 20 սեպտեմբեր Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ «Փոխադարձ վստահութիւն, միասնականութիւն եւ պատասխանատուութիւն» խորագիրով Հայաստան-սփիւռք հերթական 6-րդ համահայկական համաժողովը:

Սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրտուս Զաքարեան, զեկուցելով համագումարին մասին` «Թերթ»-ի թղթակիցին յայտնած է. «Մենք 8-9 տարիներու ընթացքին կատարած ենք հաշուառում սփիւռքեան տարբեր համայնքներու մէջ: Մենք գիտենք, թէ ուր որքան բժիշկ, իրաւաբան, պատմաբան եւ այլ մասնագիտութիւններու հայրենակիցներ ունինք: Մենք բոլոր այդ նշանաւոր հայերուն ուղարկած ենք դիմումներ եւ ներկայացուցած ենք, թէ ի՛նչ տեղի պիտի ունենայ եւ խնդրած ենք պատասխանել իրենց հաւանական մասնակցութեան վերաբերեալ: Ստացած ենք 8200 պատասխան, ուր անոնք հաստատած են, որ ներկայ պիտի գտնուին»:

Զաքարեան նաեւ յայտնած է, որ համաժողովին պիտի մասնակցին պետական, քաղաքական, հասարակական գործիչներ, համահայկական կառոյցներ եւ համայնքներու մէջ գործող կազմակերպութիւններու ղեկավարներ եւ անդամներ, լրագրողներ, կրթութեան, մշակոյթի եւ հոգեւոր մարզերու ներկայացուցիչներ սփիւռքէն, Հայաստանէն եւ Արցախէն: Ներկայ պիտի ըլլան նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան պետական բարձրաստիճան այրեր եւ հոգեւոր առաջնորդներ:

Ֆիրտուս Զաքարեան նշած է, որ համաժողովին ընդառաջ իրենք սփիւռքի տարբեր ներկայացուցիչներու հետ շփումներ ունենալով` փորձած են պարզել, թէ ի՛նչ հարցեր կը մտահոգեն զանոնք, ճշդած են անոնց կարիքները:

«Այս տարուան համաժողովը յատկանշական է այն փաստով, որ պիտի քննարկուի Համահայկական խորհուրդ ստեղծելու գաղափարը: Թէ ինչպիսի՛ լուծումներ կը տրուին անոր, ի՛նչ ժամանակի ընթացքին կը ստեղծուի անիկա, տակաւին յստակ չէ», ըսած է ան:

Ֆիրտուս Զաքարեանի համաձայն, համաժողովի կարեւորագոյն նպատակներէն է պարզել համահայկական այն օրակարգը, որուն շուրջ պէտք է հայկական բոլոր կառոյցները համախմբուին:

«Առաջնային խնդիրներէն է արցախեան տագնապի խաղաղ լուծման շուրջ աշխատանքներու քննարկումը, երկրորդը Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումն է եւ այլն: Քանի մը կարեւորագոյն խնդիրներ կան, որոնք պէտք է քննարկուին, անոնց լուծումներ առաջարկուին», աւելցուցած է ան:








All the contents on this site are copyrighted ©.