2017-08-14 14:03:00

Ֆրանչիսկոս Պապ. Միջերկրականի մէջ զարգացնել գաղթականներու հիւրընկալութեան մշակոյթ։


(Ռատիօ Վատիկան) «Անհրաժեշտ է աւելի մեծ յանձնառում ի սպաս ընկալումի եւ զօրակցութեան մշակոյթին, զարգացնելու համար խաղաղութիւնը եւ ազգերու միջեւ եղբայրութիւնը»։ Այս է պատգամը զոր Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յղեց Իտալիոյ հարաւը գտնուող Սանթա Մարիա Տի Լէուքա քաղաքին մէջ գումարուած «Միջերկրական. եղբայրութեան նաւահանգիստ» վերտառութեամբ հաւաքին որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 31 երկիրներէ  ժամանած 250 երիտասարդներ։ 

Պատգամին մէջ Սրբազան Քահանայապետը կը հրաւիրէ քրիստոնեայ հասարակութիւններն ու բոլոր բարի կամք ունեցող մարդիկը գաղթական եղբայրներու եւ քոյրերու ներկայութիւնը նկատել որպէս մարդկային աճումի, հանդիպումի ու երկխօսութեան առիթ ինչպէս նաեւ առիթ հռչակելու եւ վկայելու սիրոյ  Աւետարանը։

Սրբազան Քահանայապետը ապա իր գնահատանքը յայտնած է կազմակերպուած հաւաքին համար որուն աւարտին պիտի ստորագրուի «Լէուքայի Դաշնագիրը», որով հաւաքին ներկայ երիտասարդները աշխարհիս հզօրներէն պիտի պահանջեն զարգացնել խաղաղութիւնը,  պայքարիլ զինավաճառութեան դէմ ու յանձնառու ըլլալ մարդկայնական ներելիութիւններ սահմանել այն ժողովուրդներուն որոնք փախուստ կու տան պատերազմներէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.