2017-08-13 13:21:00

«Եկեղեցւոյ համար երաշխիքը Քրիստոսի մէջ հաւատքն է» Ֆրանչիսկոս Պապ։


(Ռատիօ Վատիկան) «Եկեղեցւոյ համար երաշխիքը Քրիստոսի մէջ հաւատքն է եւ ոչ թէ մարդոց կարողութիւնը»։ Այսպէս արտայայտուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կիրակի 13 օգոստոսի կէսօրին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան աղօթքի ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութեան մէջ մեկնաբանելով օրուան աւետարանը քաղուած Մատթէոսի աւետարանէն ուր կը խօսուի Յիսուսի ջուրերուն վրայէն քալելու հրաշքի մասին երբ աշակերտները նաւու մէջ կը տարուբերուէին ալիքներու պատճառաւ։

Յիսուս անոնց կը մօտենայ եւ Պետրոս տեսնելով Վարդապետը Անորմէ կը խնդրէ որ թոյլ տայ որ ինք եւս քալէ ջուրերուն վրայէն։ Յիսուս կը հրամայէ «եկուր»։ Բայց մինչ Պետրոս կ՛ընթանար դէպի Յիսուսը կը տատամսի եւ կը սկսի ընկղմիլ ու կը բացագանչէ. «Տէր փրկէ զիս»։ Յիսուս ձեռքը կ՛երկարէ ու կը փրկէ Պետրոսը։

Այս աւետարանական էջը, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, մեզի խորհրդածել կու տայ մեր հաւատքի մասին։ Նաւակը իւրաքանչիւրին կեանքն է ու է նաեւ Եկեղեցւոյ կեանքը որ յաճախակի դժոխալրութիւններու կը հանդիպի։  Պետրոսի տատամսումը եւս նման է մեզմէ իւրաքանչիւրիս տատամսումին երբ չենք խարսխուիր  Յիսուսի խօսքերուն վրայ։ «Հաւատալ Տիրոջ ու անոր խօսքերուն չի նշանակեր հանգիստ կեանք ունենալ, հաւատքը մեզի կու տայ ներկայութեան մը վստահութիւնը, Յիսուսին ներկայութիւնը, որ մեզ կը մղէ յաղթահարելու գոյութենական փոթորիկները» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատելով թէ Նաւակը նաւաբեկութենէն ազատողը նաւաստիներու քաջութիւնն  ու անոնց որակը չէ այլ Քրիստոսի ու անոր խօսքին նկատմամբ հաւատքը։

Թող որ Սուրբ Կոյս Մարիամը մեզ օգնէ մնալու Եկեղեցւոյ նաւուն վրայ,  խուսափելով անապահով ու հրապուրիչ տեսքով  բայց անցողակի նաւերէ, յարեց ապա Սրբազան Քահանայապետը եզրափակելով խորհրդածութիւնը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.