2017-08-11 12:32:00

Վանականութիւն «ԽԲ»


Հայ Եկեղեցւոյ Հայրերը եւ Վարդապետները շատ անգամ անդրադարձած են ապաշխարութեան, ըլլա՛յ իբր ապաշխարութեան խորհուրդ, այսինքն խոստովանանք եւ կամ, ինչպէս յիշեցինք, ապաշխարելու արարքներ, բարի գործեր, պահք կամ ծոմապահութիւն եւ խստամբեր կեանք լի տարբեր զոհողութիւններով։ Անոնք անհրաժեշտ կը նկատեն զղջումը եւ ապաշխարութիւնը՝ ընդունելու համար բուժում եւ փրկութիւն։ Վանականներ եւ կրօնաւորներ կը կատարէին ապաշխարութիւն, նախ՝ իրենց հոգիներու փրկութեան համար, ապա նաեւ Աստուծոյ գութը շարժելու ուրիշներու նկատմամբ։

Եզնիկ Կողբացի իր խրատներուն մէջ կը գրէ՝ «Արտասուքը մեղքերու լուացումն է, եւ հառաչելը՝ ապաշխարութիւն։ Առաւել եւս եթէ մէկը ամբողջ ժամանակը անցընէ կրօնաւորական կարգի մէջ, սուգով եւ տրտմութեամբ, ինչպիսի՛ երանական փառք պիտի ժառանգէ։»

Եզնիկ Կողբացիի գործածած բացատրութիւնները՝ «արտասուք», «հառաչանք», «սուգ» եւ «տրտմութիւն» պէտք չէ սխալ մեկնաբանել, այնտեղ տեսնելով յուսահատ կամ ընկճուած վիճակը մը, որուն մէջ մարդ կը թաղուի եւ միշտ աւելի խոր կը սուզուի։ Արցունքը, հառաչանքը եւ տրտմութիւնը կը բխին այն գիտակցութենէն, թէ մարդ սխալ գործած է՝ ի դէմս Աստուծոյ եւ ուրիշներու հանդէպ։ Այդ գիտակցութենէն կը բխի սրտի կամ հոգիի այն ցաւը, որ կʼառաջնորդէ խոստովանելու եւ հատուցում կատարելու։ Այդ հատուցումը կը կատարուի ապաշխարութեամբ՝ բարի գործերով կամ աղօթքով։ Ապա հատուցում կատարելով խիղճը կը մաքրուի, կʼազատի եւ կը խաղաղի։ Արդ, ապաշխարելը վերջիվերջոյ տրտմութեան մէջ կորսուիլ չէ, յուսալքումի յանձնուիլ չէ, այլ հասնիլ խաղաղութեան։

Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ «Յաճախապատում Ճառերուն» մէջ կը գրէ՝ «Մեծ է յարգանքը Տիրոջ հրամաններուն եւ անբաւ է բարերար Աստուծոյ շնորհքը. որովհետեւ զանոնք, որոնք Աստուած սկիզբէն կը ճանչնար, կոչեց անվախճան կեանքի յոյսին, արդարացուց եւ փառաւոր ըրաւ։ Անոնք, որոնք հաւատքով եւ երկիւղով պահեցին անոր պատուիրանները եւ հնազանդեցան Անոր ամենախնամ սուրբ սիրոյն, եւ կեանքի խօսքը ընդունեցան իրենց մէջ, եւ պտղաբեր եղան եւ աճեցան առաքինութեան վաստակներով, անոնց վարձքը կայ եւ կը մնայ հանդերձեալ կեանքի մէջ։ Իսկ ծոյլերը եւ անհնազանդները, որոնք արհամարհեցին ճշմարտութեան խօսքը, եւ խափանեցին արդարութեան պտուղները, եւ թշնամիէն չար սերմերը ընդունեցան եւ մեղանչեցին ճշմարտութեան աւանդին եւ խնամակալ սիրոյն դէմ՝ մոլորելով ուղիղ ճանապարհէն, պիտի մատնուին անոր վախճանին, որ կը գլորէ կորստեան վիհերուն մէջ։ Սակայն բարերար Աստուծոյ բարերար խնամքը անտես չʼըներ անոնք, որոնք կը դառնան Իրեն. այլ կը բանայ շնորհքի ողորմութեան դռները, եւ գթութեամբ կʼընդունի բարերար սուրբ սիրով, եւ կը խնամէ Իր գթութեան ապաւինողները։ Ճշմարիտ խոսովանութեամբ եւ խոնարհ ու բեկեալ ստով ապաշխարող սրտին կը գթայ Փրկիչը եւ կʼողորմի անոր եւ կʼընդունի զայն։ Որովհետեւ զղջացողը դուրս կու տայ դառնութեան ծածկուած մաղձը, եւ կը յայտնէ, թէ՝ մեղքը ատեցի եւ անարգեցի, եւ սրբութեան եւ արդարութեան առողջ օրէնքը սիրեցի։ Եւ ըստ ցաւերու տեսակին, մարդասէր բժիշկէն պիտի ընդունի առողջութեան դեղը՝ արդարութեան վարքը, այն մեղքերուն եւ դժնդակ ցաւերուն դէմ որ ունէր. որպէսզի այլեւս չիյնայ նոյնին մէջ, եւ մի գուցէ այլեւս չգտնէ մարդասէր բժիշկը։»

Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ այս խօսքերով կը յայտնէ թէ Աստուած մարդասէր է, բարերար, ամենախնամ։ Ան կը գթայ զղջացող եւ ապաշխարող անձին վրայ։ Աստուած բժիշկ է, որ մեզ կը բուժէ եւ կը կազդուրէ, որպէսզի չիյնանք նոյն մեղքերուն մէջ։ Հետեւաբար ապաշարանքը վստահութիւն է Աստուծոյ ողորմութեան եւ յոյս փրկութեան։ Այս վստահութիւնն ու յոյսն է, որ վանականներ եւ կրօնաւորներ կը մղէր ապրելու ապաշխարութեան կեանք մը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.