2017-08-11 07:10:00

11 Օգոստոսին Տօնն Է Սրբուհի Քիարայի՝ Հիմնադրուհին Քլարիսներու Միաբանութեան։


(Ռատիօ Վատիկան) Սանթա Քիարա ՝ ծնած էր  Իտալիոյ Ասսիզի գիւղաքաղաքը, 1193 ին ազնուական, հարուստ եւ շատ առաքինի ծնողներէ, ունէր երկու քոյրեր եւս Անիէզէ եւ Պէադրիչէ։ Իր ծաղիկ հասակէն  Գիարա մեծ սէր ունէր աղքատներու հանդէպ եւ շատ բարեպաշտ էր։ Օրուան մէջ յաճախ իր վզէն կախուած շղթային հլունները վարդարանի հատիկներու պէս կը սահեցնէր  իր մատներուն մէջէն  կրկնելով Տէրունական աղօթքը եւ Հրեշտակային ողջոյնը։

Մօտաւորապէս 18 տարեկան էր երբ ծնողքը ուզեցին զինք ամուսնացնել մեծահարուստ ազնուականի մը հետ­, սակայն ինք  չէր ուզեր ամուսնանալ։

Այդ ատենները սրբութեան մեծ համբաւ կը վայելէր ֆրանչիսքոս Ասսիզացին. Քիարա իրմէ խորհուրդ առնելով  առանց տարակուսելու վճռեց խզել իր կապերը աշխարհի հետ եւ ամբողջովին նուիրուիլ Աստուծոյ։ Ան համաձայնած էր Ս. ֆրանչիսքոսին հետ  որ 1212-ի՝ Ծաղկազարդի տօնին պիտի սկսէր իր կրօնաւորական կեանքը։

Այդ օրը Քիարա  իր ամենագեղեցիկ զգեստները հագած՝ եկեղեցի գնաց իր ընտանիքի անդամներուն հետ, սակայն ձիթենեաց ճիւղերու բաշխումին ատեն իր տեղը անշարժ մնաց։ Արարողութեան նախագահող եպիսկոպոսը  անձամբ խորանէն վար իջաւ եւ Քիարային տուաւ ձիթենիի ոստ մը, այն ատեն Քիարան ալ մասնակցեցաւ թափօրին։

Յաջորդ օրը  առաւօտ կանուխ  Քիարա  գաղտագողի խոյս տուաւ  տունէն, փողոցի մը մէջ  միացաւ իր ընկերուհիներուն եւ գնաց ''Փորցիունքոլա'' մատուռը, ուր կը գտնուէր Ս. ֆրանչիսքոս որ զինք ընդունեցաւ եկեղեցւոյ դրան առջեւ ընկերակցութեամբ իր կրօնաւորներուն որոնք բոցավառ ջահեր բռնած երգեցին ''Եկ Ս. Հոգի'' շարականը։

Տիրամօր խորանին ոտքը, Քիարա հանեց իր զգեստները եւ զարդերը։ ֆրանչիսքոս անոր տուաւ սրճագոյն կոշտ կտաւէ սքեմ մը  եւ կտրեց անոր գեղեցիկ մազերը։

Եւ այսպէս, այդ օրը կը հաստատուէր  Քլարիսթներու միաբանութիւնը, որ սակայն Բենեդիկտեան Ս. Պօղոսի անուան  վանքին մէջ հաստատուեցաւ եւ ապա նոյն ուխտի մայրապետները բնակեցան Ասսիզիի մօտ գտնուող  Սանդ Անճելօ  կոչուող վանքը։

Քիարայի ծնողքը փորձեցին զինք  ետ տուն բերել բայց ինք հաստատ մնաց իր որոշումին վրայ։

Շատ ժամանակ չանցած՝  Քիարային քոյրը՝ Անիէզէն,  ուզեց ինք եւս՝ միանալ նոյն միաբանութեան,  հակառակ անոր որ 12 այր մարդիկ բռնի ջանացին զինք տուն վերադարձնել,  ինք վճռակամութեամբ դիմադրեց անոնց։

Ս. ֆրանչիսքոս Անիէզէին ալ, որ 14 տարեկան էր, տուաւ կրօնաւորական սքեմը։

Շատ չանցած Աստուած Սրբուհի Քիարային  մօտ ղրկեց ուրիշ բազմաթիւ ընտրեալ հոգիներ, ու Քիարա  Ս. ֆրանչիսքոսի պնդումին վրայ յանձն առաւ զանոնք առաջնորդելու ծանր պատասխանատուութիւնը։

Սրբուհի Քիարա 42 տարի մեծ խոհեմութեամբ, աստուածավախութեամբ եւ կանոնի ճշգրիտ գործադրութեամբ  իր իսկ կեանքովը անոնց կ՝ուսուցանէր.  եւ ինք կատարելութեան ուղիէն կ՝ընթանար, ծոմապահութեամբ,  աղօթքով եւ հսկումով։ Նոյնիսկ իր հիւանդութեան շրջանին  ուրիշներու օգնութեամբ ոտքի կ՝ելլէր  եւ միւսներու նման ձեռային գործերուն կը պարապէր։

Սրբուհի Քիարա բազմաթիւ հրաշքներով  հռչակաւոր դարձաւ իր կենդանութեան ատեն իսկ։ Իր կեանքի վերջին ժամերուն  երջանկութիւնը ունեցաւ Տիրամօր եւ Սուրբ ու նահատակ կոյսերու այցելութիւնը վայելել։

12 Օգոստոս 1253-ին, խաղաղօրէն իր հոգին աւանդեց։ Իր մահէն ետք ալ  բազմաթիւ հրաշքներ կատարուեցան իր բարեխօսութեամբը, եւ 1255-ին, երջանկայիշատակ Աղեքսանդր Դ. Քահանայապետը  զինք դասեց Սուրբերու շարքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.