2017-08-09 09:40:00

Երկու Քորէաներու միջեւ ''իսկական խաղաղութիւն'' հաստատելու միջկրօնական կոչ։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 8 օգոստոսին, Հարաւային Քորէայի Սէոնկիու քաղաքին մէջ, պատերազմի աւարտէն 64 տարիներ ետք, կատարուած է յիշատակումի միջկրօնական արարողութիւն մը, որուն ընթացքին կոչ ուղղուած է՝ երկու Քորէաներու միջեւ հաստատել «իսկական խաղաղութիւն մը»։
Արարողութեան մասնակցած են կաթողիկէներ, բողոքականներ եւ պուտտիստներ, յիշատակելու 1953 տարւոյն յուլիսի 27ը, ուր վերջ գտած էր հակամարտութիւնը, սակայն ցայսօր չէ հաստատուած խաղաղութիւնը։

Քորէայի եպիսկոպոսական ժողովի նախագահը, Գերապայծառ Հայկինուս Քիմ Հի-Եոնկ, ըսած է՝ «եթէ քորէական թերակղծիի վրայ խաղաղութիւնը չհաստատուի վերջնական կերպով, պիտի վերջանայ խաղաղութիւնը ամբողջ հիւսիս-արեւելեան Ասիոյ մէջ եւ քորէական թերակղզին պիտի վերածուի վառոդի տակառի մը, որ պիտի պայթի եւ պատճառ պիտի դառնայ նոր պատերազմի մը։ Մենք պէտք ունինք խաղաղութեան եւ ոչ միայն զինադադարի դաշինքի մը։
Գերապայծառ Քիմ Հի-Եոնկ կʼերկրորդէ եպիսկոպոսներու բռնած դիրքը հակառակ հակահրդիրային պաշտպանութեան ԹՀԱԱՏ կառոյցին, որ թերակղզիի վրայ հաստատուած է ԱՄՆի կողմէ։ Ան շեշտած է, թէ այդ կառոյցը խաղաղութիւն չի բերեր Քորէաի համար։ Այդ կառոյցը հաստատուած է առանց ժողովուրդի համաձայնութեան, հետեւաբար պէտք է վերատեսութեան ենթարկուի։ Խաղաղութեան համար պէտք է աշխատինք միասնաբար՝ կազմելու համաձայնագիր մը։
ՄԱԿի որդեգրած խիստ պատիժներէն ետք լարուածութիւնը կը շարունակուի աճիլ Հիւսիսային Քորէայի եւ ԱՄՆի միջեւ։ Փյոնեանկ սպառնացած է «հազարապատիկ աւելի ուժեղ» վրէժով, նկատելով պատիժները պտուղ «ԱՄՆի կողմէ կատարուած ատելի դաւադրութիւն մը, մէկուսացնելու եւ խեղդելու համար հիւսիսային Քորէան։» Կիրակի օր ԱՄՆի նախագահ Տոնալտ Թրամփ եւ հարաւային Քրոէայի նախագահ Մուն Ճայ-Ին միասնական յայտարարութեամբ մը հաստատած են, թէ հարաւային Քրոէան կը ներկայացնէ լուրջ եւ ուղղակի սպառնալիք մը ԱՄՆի, Հարաւային Քորէայի եւ Ճափոնի համար, ինչպէս նաեւ աշխարհի շատ մը երկիրներուն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.