2017-08-08 10:02:00

Արցախի Հարցը՝ ՄԱԿի ընդհանուր ժողովի օրակարգին վրայ


ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գոծակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Արցախի հակամարտութեան հարցը դարձեալ ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի օրակարգին վրակ դրուած է։ Արդարեւ, անիկա մաս կը կազմէ ՄԱԿի 72րդ Ընդհանուր ժողովի օրակարգին՝ «Ատրպէյճանի բռնագրաւեալ տարածքներու իրավիճակը» խորագիրին տակ։

Ընդհանուր ժողովը պիտի կայանայ Սեպտեմբեր 12-25ի միջեւ։

Յիշեցնենք, որ Արցախի հարցը ՄԱԿի 71րդ Ընդհանուր ժողովի օրակարգին վրայ եւս դրուած էր, սակայն չէր քննարկուած։








All the contents on this site are copyrighted ©.