2017-08-05 12:58:00

Զմմառու վանքի նոր Մեծաւոր վերընտրուեցաւ Հ. Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեանը


(Ռատիօ Վատիկան) Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան հայրերը,գլխաւորութեամբ Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Գրիգոր Պետրոս Ի կաթողիկոս պատրիարքին, Զմմառու Արծիւեան միաբանութեան դարաւոր Վանքին մէջ, մասնակցեցան միաբանութեան Ընդհանուր Ժողովին, 3-5 Օգոստոս 2017-ին, որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ Վանքին մեծաւորին ու Պատրիարքական փոխանորդին ինչպէս նաեւ վարչութեան անդամներու ընտրութիւնը, վեց տարուայ աշխատանքային շրջանի համար: 

Ուրբաթ 4 օգոստոս 2017-ին ժողովականները որպէս  Զմմառու վանքի նոր Մեծաւոր և Պատրիարքական փոխանորդ վերընտրեցին  Գերհ. Հ. Գաբրիէլ ծ.վ. Մուրատեանը, որ արդէն կը վարէր նոյն պաշտօնը, մինչ որպէս վարչական խորհուրդի անդամներ ընտրուեցան Գերյարգելի Հ. Անդրանիկ Ծ. Վ. Կռանեան, Գերապատիւ Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեան,
Գերապատիւ Հ. Անտոն Վրդ. Նորատունկեան եւ Գերապատիւ Հ. Գրիգոր Վրդ. Պատիշահ:

Նորընտիր Մեծաւորն ու չորս վարչական հայրերը միասին կը կազմեն Միաբանութեան վարչական խորհուրդը որուն պարտականութիւնն է։

Մատակարարել վանապատկան ինչքերը ու հարստութիւնները

Արժեւորել միաբանութեան բարոյական վաստակները

Ոգեւորել անոր առաքելական խանդը

Հրահրել անոր հոգեւոր աւանդը

Պայծառացնել անոր ազգային ու մշակութային գանձերը եւ դերը

 Ամրապնդել անոր պատմական գոյատեւումը նոր միաբաններ պատրաստելով 21րդ դարու հոգեւոր, տոհմային ու ազգային պահանջքներուն համաձայն

Նշենք թէ Միաբանութիւնը կը կառավարուի յատուկ սահմանադրութեամբ վաւերացուած 24 Փետրուար 1986-ին, ինչպէս նաեւ կանոնական ընդհանուր ժողովներուն ցուցմունքներով եւ որոշումներով, որոնք կը գումարուին վեց տարին անգամ մը կամ երբ հարկ է Ամեն. Հոգեւոր Տիրոջ միաբանութեան մեծաւորին եւ Արեւելեան Եկեղեցիներու յատուկ արտօնութեամբ:

Ռատիօ Վատիկան հայկական բաժնի անձնակազմը սրտանց կը շնորհաւորէ Արծիւեան միաբանութեան նոր մեծաւորի ու վարչութեան ընտրութիւնը մաղթելով բեղուն ու պտղաբեր աշխատանք ի Փառս Աստուծոյ եւ ազգիս հայոց։ 

Թող Տէրը անսասա՜ն պահէ Զմմառու Վանքն ու Միաբանութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.