2017-08-05 08:48:00

ՄԱԿ. «ՏԱՀԵՇ կը շարունակէ Իրաքի մէջ Եզիտիներուն դէմ ցեղասպանութիւն գործել»


ՄԱԿ-ի Սուրիոյ հարցով հետաքննիչ յանձնախումբը յայտարարեց. «ՏԱՀԵՇ կը շարունակէ, եզիտիներուն դէմ հալածանքի սկսելէն երեք տարի ետք, Իրաքի մէջ այդ փոքրամասնութեան դէմ ցեղասպանութիւն գործել, սակայն աշխարհ կը թերանայ յանցագործները պատժելու իր պարտականութեան մէջ»:

«Ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի եւ մեծ տարողութեամբ չդիմակայուեցաւ, հակառակ այն իրողութեան, որ պետութիւնները այդ ոճիրը կասեցնելու պարտաւորութեան տակ են», յայտնեց յանձնախումբը:

«Հազարաւոր տղամարդիկ ու պատանիներ կը շարունակեն անյայտ կորսուած մնալ, եւ ահաբեկչական խմբաւորումը կը շարունակէ Սուրիոյ մէջ շուրջ երեք հազար կին ու աղջիկ ենթարկել ահաւոր բռնարարքներու, ներառեալ առօրեայ բռնաբարումի եւ բիրտ ծեծի», նշեց ՄԱԿ-ի յանձնախումբը:








All the contents on this site are copyrighted ©.