2017-08-04 08:12:00

Ֆրանսացի լրագրող մը կը ձերբակալուի Թուրքիոյ մէջ։


ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը Օգոստոս 3ին կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ապահովական ուժերու անդամները Իրաքի սահմանին վրայ ձերբակալած են ֆրանսացի լրագրող Լուփ Ժան Ռընէ Պիւրօն, Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան հետ կապեր ունենալու «յանցանքով»:

Ենթական ձերբակալուած է Յուլիս 26ին, Թուրքիոյ հարաւ արեւելքը գտնուող Հապուր սահմանային անցակէտէն անցնելու ընթացքին։

Ֆրանսայի դեսպանը այս մասին յստակացումներ պահանջած է Թուրքիոյ իշխանութիւններէն, մինչ լրագրողներու իրաւանց պաշտպան միջազգային կազմակերպութիւններ կը պահանջեն Պիւրոյի ազատ արձակումը։








All the contents on this site are copyrighted ©.