2017-08-04 12:55:00

Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնին առիթով՝ աղօթքի շաբաթ Պիքֆայայի մատրան մէջ։


Հովանաւորութեամբ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ եւ Սրբազնագոյն Հայրապետին ու կազմակերպութեամբ Կաթողիկոսարանիս Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին, 7-11 Օգոստոս, 2017-ին, ամէն առաւօտ ժամը 10-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Մատրան մէջ, Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնին առիթով տեղի պիտի ունենայ յատուկ արարողութիւն նուիրուած միշտ Սուրբ Կոյս Աստուածածին Մարիամին:

Կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները, մասնակից դառնալու հոգեպարար սոյն աղօթքներուն եւ խորհրդածական պահերուն, լեցուելու Հայ Եկեղեցւոյ կրօնական ապրումներով, եւ Ս. Աստուածամօր մայրութեան նուիրական օրինակով:

Երկուշաբթի, 7 Օգոստոս, 2017 Նիւթ՝ «Կիլիկեան Հայաստանի Վանքերը» Կը ներկայացնէ՝ Հոգշ. Տ. Վիգէն Վրդ. Տալգլըճեան

Երեքշաբթի, 8 Օգոստոս, 2017 Նիւթ՝ «Կիլիկեան Հայաստանի Ուխտավայրերը» Կը ներկայացնէ՝ Հոգշ. Տ. Թաթուլ Աբղ. Գարտանաքեան

Չորեքշաբթի, 9 Օգոստոս, 2017 Նիւթ՝ «Պատմական Հայաստանի Ուխտատեղիները» Կը ներկայացնէ՝ Հոգշ. Տ. Հեթում Աբղ. Տաղլեան

Հինգշաբթի, 10 Օգոստոս, 2017 Նիւթ՝ «Սուրբ Մակարայ Վանքը» (Կիպրոս) Կը ներկայացնէ՝ Հոգշ. Տ. Արտաւազդ Աբղ. Շարոյեան

Ուրբաթ, 11 Օգոստոս, 2017 Նիւթ՝ «Ուխտի Հասկացողութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ մէջ» Կը ներկայացնէ՝ Հոգշ. Տ. Պսակ Աբղ. Թէփիրճեան

ԾԱՆՕԹ.- Մասնակցիլ փափաքողներուն համար փոխադրակառքեր տրամադրուած պիտի ըլլան ամէն օր, առաւօտեան ժամը 8.30-ին Ս. Աստուածածին եւ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցիներու մուտքին, տպարան Տօնիկեանի մօտ, Տորայի մայրուղիի վրայ գտնուող «Մերսետես» ընկերութեան մօտ եւ Անթիլիասի Մայրավանքին դիմաց:








All the contents on this site are copyrighted ©.