2017-08-03 11:53:00

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Քոլոմպոսի ասպետներու 135-րդ համագումարի առիթով։


«Ռատիօ Վատիկան» 1-3 Օգոստոսին, Միսուրիի Սէյնթ Լուիզ քաղաքին մէջ, Քոլոմպոսի Ասպետները կը կատարեն իրենց 135րդ տարեկան համագումարը։ Այս առիթով Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, Ֆրանչիսկոսո Պապի անունով ողջոյնի պատգամ մը ուղարկած է համագումարի մասնակիցներուն։ Համագումարի բնաբանն է՝ «Համոզուած Աստուծոյ սիրոյն եւ զօրութեան», որ քրիստոնէական կեանքի եւ առաքելութեան աղբիւրն է։

Կարդինալ Փարոլին կը նկատէ, թէ Աստուծոյ սէրն ու զօրութիւնն է, որ առաջնորդած է Քոլոմպոսի Ասպետներու կարգին հիմնադրման, որ կաթողիկէ աշխարհականներու, բանուորներու, ամուսիններու եւ հայրերու բարեսիրական միութիւն մըն է. ապա կը յիշէ, թէ այդ Կարգին պատմութիւնը ցոյց կու տայ, թէ ինչպէս զօրակցութեան եւ փոխադարձ մտահոգութեան հոգին ներշնչուած Աստուծոյ սէրէն, կʼաճի ինչպէս առակի մանանեխի սերմը (հմմտ Ղուկ ԺԳ. 19)։

Ծիրանաւորը կը յիշեցնէ Պօղոս առաքեալի խօսքը՝ «Եթէ Աստուած մեզի հետ է, ո՞վ կրնայ մեզի հակառակ կենալ» (Հռոմ Ը. 31)։ «Պօղոս Առաքեալի այս հարցումը կʼարտայայտէ անոր ամուր համոզումը, թէ Աստուծոյ սիրոյն անսահման զօրութիւնը, որ յայտնուած է Քրիստոսի խաչին միջոցաւ, կը յաղթահարէ աշխարհային որեւէ չարիք։»

Կարդինալ Փարոլին, պատգամին մէջ կը յիշեցնէ Ֆրանչիսկոս Պապի հրապարակած շրջաբերականներու յորդորները, որոնք մատնանիշ կʼընեն ներկայի հրատապ խնդիրները եւ մարտահրաւէրները, եւ կոչ կʼուղղեն դարձի եւ նորոգումի՝ կերտելու համար խաղաղութիւնը։ Սրբազան Պապը մեծապէս կը գնահատէ Քոլոմպոսի Ասպետներուն տարած ջանքերը՝ պահպանելու ամուսնութեան սրբութիւնը եւ ընտանեկան կեանքի արժանապատուութիւնն ու գեղեցկութիւնը, եւ զօրացնելու զանոնք։

Պատգամի աւարտին, Կարդինալ Փարոլին կը փոխանցէ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի երախտագիտութիւնը, այն օգնութիւններուն համար, որոնք Քոլոմպոսի Աստպետներու Կարգը կատարած է Միջին Արեւելքի ժողովուրդին համար եւ կը փոխանցէ Սրբազան Պապին Առաքելական Օրհնութիւնները։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.