2017-08-03 12:34:00

Կարդինալ Փարոլինի քարոզը՝ «Ասսիզիի Ներում» օրուան առիթով


«Ռատիօ Վատիկան» Արդէն դարերէ ի վեր, օգոստոս ամսոյն 1ին եւ 2ին, Ասսիզի ժամանած ուխտաւորներուն կը շնորհուի ներողութիւն մը, որ անուանուած է «Ասսիզիի Ներում»։ Միլիոնաւոր ուխտաւորներ կʼընդունին այդ իւրայատուկ առանձնաշնորհումը՝ վերագտնելով խաղաղութիւն եւ ներում։ Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացի այդ խնդրած էր Աստուծմէ, 1216 թուականի օգոստոս 2ի գիշերը, երբ խորացած էր աղօթքի մէջ։ Այս տարի, ներումի օրը յատուկ նշանակութիւն մը ունի, որովհետեւ կը փակէ 8րդ դարադարձի առիթով սկիզբ առած Ասսիզիի Ներումի յոբելեանը, որ սկսած էր նախորդ տարւոյն օգոստոս 2ին։

Վատիկանի Պետական Քարտուղար Փիեթրօ Փարոլին, որ նախագահած է այս առիթով մատուցուած հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագին, իր քարոզին մէջ յիշեցուցած է, թէ Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացի «խանդավառ Օնորիոս Գ. Սրբազան Պապի կողմէ ձեռք բերուած ներումի շնորհումով, չէր զսպէր իր հրճուանքը եւ կը բացագանչէր՝ ʼԵղբայրներս, ձեզ բոլորդ ալ կʼուզեմ դրախտ ուղարկելʼ»։ «Այս խօսքերը, ըսած է Կարդինալ Փարոլին, մեզի կը յիշեցնեն թէ Եկեղեցւոյ հիմնական առաքելութիւնն է նպաստել Աստուծոյ եւ մարդկային էակներու մերձեցման, կերտել ամուր կամուրջներ Երկնքի եւ Երկրի միջեւ, ցոյց տալ փրկագործուած կեանք մը, որ հրամցուած է բոլորին եւ ոչ թէ վերապահուած ուսեալներու եւ իմաստուններու փոքր խմբակի մը։»

Ծիրանաւորը իր քարոզին մէջ մանրամասնօրէն շօշափած է այդ հարցը, թէ ինչու´ Աստուած կʼընտրէ ամենէն փոքրերը՝ Իր անսահման ծրագիրները իրականացնելու համար։ «Միայն Աստուծոյ էութիւնը, որ սէր է, կրնայ բացատրել Արարիչին կատարած այս արարքը՝ որ բարձունքէն կը խոնարհի, կը փոքրանայ՝ տկար եւ կախեալ մարդու խնամքէն։»

 

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.