2017-08-03 11:21:00

Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը հանդիպեցաւ սփիւռքահայ ուսուցիչներու հետ


Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ, Յուլիս 23-ին ընդունեց Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան ուսուցիչներու վերապատրաստման ծրագիրին մասնակից սփիւռքահայ ուսուցիչները` առաջնորդութեամբ Երեւանի Խ. Աբովեանի անուան պետական մանկավարժական համալսարանի նախագահ Ռուբէն Միրզախանեանի:

Հանդիպումի ընթացքին Ռ. Միրզախանեան Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց ծրագիրին 16 երկիրներէ մասնակցող ուսուցիչները` տեղեկացնելով, որ սփիւռքի ամէնօրեայ եւ կիրակնօրեայ ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ դասաւանդող ուսուցիչներու նախապատրաստութիւնը արդէն 18-րդ անգամն է, որ տեղի կ’ունենայ` այս տարի` Երեւանի Խ. Աբովեանի անուան պետական մանկավարժական համալսարանի կողմէ: Միրզախանեան անդրադարձաւ նաեւ կրթութեան եւ սփիւռքի կրթական խնդիրներուն նկատմամբ Մայր Աթոռին կողմէ ցուցաբերուող ուշադրութեան` հայցելով Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին օրհնութիւնը մանկավարժներուն եւ անոնց սրբազան առաքելութեան:

Այնուհետեւ սփիւռքահայ ուսուցիչները ողջունեց եւ իր հայրապետական պատգամը ուղղեց Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը:

Վեհափառ հայրապետը, ուրախութիւն յայտնելով հանդիպումին առիթով, իր գնահատանքը յայտնեց ուսուցիչներուն այն յանձնառութեան համար, որով կարեւոր նկատելով իրենց աշխատանքը, ամէն տարի կու գան Հայաստան վերապատրաստուելու:

Վեհափառ հայրապետը կարեւոր նկատեց հայրենիքին եւ ազգային կառոյցներուն կողմէ հայեցի կրթութեան եւ դաստիարակութեան գործին ընծայուող ուշադրութիւնը` ընդգծելով, որ դպրոցը ազգի ինքնութեան պահպանման կարեւորագոյն կառոյցներէն է: Այս առիթով վեհափառ հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան, ուսումնական կառոյցներուն եւ մանկավարժներուն,  որոնք հասու ըլլալով սփիւռքի մէջ ուսուցիչներու կարեւոր առաքելութեան հայ մանուկներու կրթութեան ու դաստիարակութեան, ինչպէս նաեւ հայ ինքնութեան պահպանման գործին մէջ, պատասխանատուութեամբ եւ նախանձախնդրութեամբ կ՛իրականացնեն սփիւռքահայ մանկավարժներու վերապատրաստման ծրագիրը:

Կարեւոր նկատելով հայ դպրոցի առաքելութիւնը ազգային կեանքին մէջ` Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը ցաւով նշեց, որ սփիւռքի մէջ այսօր նահանջ կ՛ապրի հայեցի կրթութիւնը: Գարեգին Բ. վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց, որ հայ դպրոցին միջոցով կը փոխանցուի ազգային ոգին, այնտեղ կը կերտուի հայորդին եւ ձեռք կը բերէ ազգային սրբազան արժէքներու, պատմութեան ու հայոց մեծերու ճանաչողութիւնը եւ գիտելիքներ, որոնք կը նպաստեն ազգային ինքնութեան ու ինքնագիտակցութեան զօրացման` երաշխաւորելով նաեւ հետագայ ներգրաւումը ազգային կեանքին մէջ:

Ան նաեւ տեղեկացուց, որ հովուապետական իր տարբեր այցելութիւններուն ընթացքին թեմակալ առաջնորդներու եւ հոգեւոր դասերու հետ քննարկած է մտահոգիչ այս խնդիրը` շեշտելով եկեղեցիներու կողքին հայ դպրոց ունենալու անհրաժեշտութիւնը` անվտանգ պահելու համար հայ ինքնութիւնը: Այս առնչութեամբ վեհափառ հայրապետը տեղեկացուց, որ յառաջիկայ տարի Մայր Աթոռի մէջ եւս կը սկսի իրականացուիլ նմանօրինակ վերապատրաստման ծրագիր` զօրակցելու սփիւռքի մէջ ազգային կրթական հաստատութիւններու եւ հայոց եկեղեցւոյ հովանիին տակ գործող դպրոցներու մանկավարժներուն:

Վերջաւորութեան Գարեգին Բ. կաթողիկոս պատգամեց ուսուցիչներուն կենսագործել դարերու խորքէն փոխանցուած աւանդութիւնները եւ կոչման բարձր գիտակցութեամբ շարունակել իրենց ծառայութիւնը ազգին` մաղթելով, որ Աստուած օրհնէ, զօրացնէ եւ արդիւնաւէտ դարձնէ անոնց ջանքերը:

Հանդիպումին ներկայ էր Մայր Աթոռի քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի տնօրէն Վարդան եպս. Նաւասարդեան, որ իր կարգին ուսուցիչներուն ներկայացուց կրթական մարզին մէջ կեդրոնի կողմէ իրականացուող ծրագիրները: Սրբազանը մասնաւորապէս անդրադարձաւ հանրակրթական մարզին մէջ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան եւ Մայր Աթոռին միջեւ սերտ համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ Մայր Աթոռի հովանիին տակ գործող դպրոցներու, մանկապարտէզի եւ Կալկաթայի հայոց մարդասիրական ճեմարանի գործունէութեան: Սրբազանը նաեւ տեղեկացուց Հայաստանի 140 կիրակնօրեայ դպրոցներու ուսուցիչներու շարունակական վերապատրաստման եւ ի զօրակցութիւն սփիւռքի թեմերու կիրակնօրեայ վարժարաններու նախանշուող ծրագիրներու մասին: Ուսուցիչներուն հանգամանօրէն ներկայացուեցաւ Մայր Աթոռի եւ ՀԲԸՄ-ի ութ հայորդեաց տուներու օգտաշատ կրթական եւ դաստիարակչական առաքելութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.