2017-08-02 12:31:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընունեց «Borussia Mdnchengladbach» ֆութպոլի մարզիկները


«Ռատիօ Վատիկան» Չորեքշաբթի, 2 օգոստոս 2017-ին,  Վատիկանի «Պօղոս Զ» փոքրիկ դահլիճէն ներս , Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Borussia Mönchengladbach ֆութպոլի մարզիկներն  ու խումբին ղեկավարները։
Ներկաներուն յղած պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը  գնահատեց Borussia Mönchengladbach Ֆութպոլի  խումբի եւ Վատիկանի մարզական ընկերակցութեան անդամներուն միջեւ հաստատուած բարեկամական  սերտ կապերը։
Ապա  յայտնեց թէ La Fohlen-Elf մարզական խումբը յատկանշուած  է  իբր «մարդու քայլ»  ունեցող փոքրիկ խումբ մը , որ կը նպաստէ ընտանիքներուն։ Ան գեղեցիկ երեւոյթ նկատեց Պորուսսիա մարզադաշտին մէջ ընտանիքներուն համախմբումը  ինչպէս նաեւ  մարզական եւ դաստիարակչական  ծրագիրները՝  երիտասարդներու զարգացման ի նպաստ, յատկապէս դժուարութիւն ունեցող երիտասարդներուն նկատմամբ։
Ֆրանչիսկոս Պապ ապա հրաւիրեց ներկաները, շարունակել  յանձնառու գտնուիլ, բարին եւ խաղաղութիւնը կերտելու համար ,որուն աշխարհը շատ կարիք  կը զգայ։

 Նորին Սրբութիւնը հրաժեշտ առաւ ներկաներէն խնդրելով, որ աղօթեն իրեն եւ մարզիկներուն սիրելիներուն համար, շնորհելով բոլորին իր առաքելական օրհնութիւնները։








All the contents on this site are copyrighted ©.