2017-08-02 06:02:00

Վանի Հայկական գերեզմաննոցը կը սրբապղծուի


ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Վան նահանգին մէջ հայկական գերեզմաննոց մը եւս պղծուած է: Արդարեւ, Վանի Արտամէտ (Էտրեմիթ) շրջանի քաղաքապետարանի հոգաբարձուին յանձնարարութեամբ՝ հասարակական լողափին կից գտնուող պատմական բլուրին եւ հայկական գերեզմաննոցին վրայ արտաքնոց եւ հանդերձարաններ կառուցուած են: Լողափին բացումը տեղի ունեցած է Յուլիս 23ին, նահանգապետարանի նորանշանակ հոգաբարձուին եւ Արտամէտի հոգաբարձուին մասնակցութեամբ:

Թրքական «Պիրկիւն» թերթը կը տեղեկացնէ, թէ նշուած տարածքը հայկական թաղամաս մըն էր, որ յայտնի է իբրեւ աշխարհահռչակ հայ նկարիչ Արշիլ Կորքիի ծննդավայրը (Խորգոմ): Թաղամասին կից գտնուող հայկական գերեզմանատունը այսօր անարգուած է եւ հոն կատարուած շինարարութեանց պատճառով բազմաթիւ մարդկային ոսկորներ դուրս եկած են, այս ու այն կողմ շպրտուած:

Նշենք, որ 1984ին այդ շրջանին մէջ կատարուած պեղումներէն ի յայտ եկած է, թէ այդ բլուրը մարդկութեան համար որպէս բնակատեղի ծառայած է Ք.Ա. 3րդ հազարամեակէն ի վեր։

Պեղումներուն ընթացքին, շրջանին մէջ յայտնաբերուած էին ուրարտական ժամանակաշրջանին պատկանող հնութիւններ եւ մարդկային գանկեր, որոնք կ՛ապացուցեն, թէ գանկի վրայ «պատուհան բանալ»ու առաջին վիրահատութիւնները հո՛ն կատարուած են:








All the contents on this site are copyrighted ©.