2017-08-01 10:09:00

Մեքսիքա, Արժանթին, Քոլոմպիա եւ Փերու չեն ճանչնար Վենեզուելայի մէջ կատարուած ընտրութիւններուն արդիւնքները


«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Մեքսիքա, Արժանթին, Քոլոմպիա եւ Փերու չեն ճանչնար Վենեզուելայի մէջ կատարուած ընտրութիւններուն արդիւնքները` խստօրէն քննադատելով զանոնք:

Կիրակի օր Վենեզուելայի մէջ տեղի ունեցած էին Սահմանադիր ժողովի ընտրութիւնները, որոնք նախաձեռնուած էին նախագահ Նիքոլաս Մատուրոյի կողմէ:

Ընդդիմութիւնը չ՛ընդունիր այս ընտրութիւնները` նշելով, որ Սահմանադիր ժողովի ընտրութիւնները պէտք է կատարել հանրաքուէի միջոցով:

Մատուրոյի կողմնակիցներուն եւ ընդդիմութեան միջեւ շարունակուող բուռն բախումներուն պատճառով միայն վերջին երկու օրուան ընթացքին արձանագրուած էր 16 զոհ, իսկ զոհերու ընդհանուր թիւը արդէն աւելի քան 110 է:

Միւս կողմէ, ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Վենեզուելայի Ազգային ընտրական խորհուրդի ղեկավար Թիպիսայ Լուսենա յայտնած է, որ կիրակի օր Սահմանադրական ժողովի ընտրութիւններուն մասնակցած են աւելի քան 8 միլիոն ընտրողներ, եւ մասնակցութեան համեմատութիւնը եղած է 41,53 առ հարիւր:

«Հաւասարակշռութիւնը շատ դրական է, որովհետեւ շահեցաւ հաշտութիւնը, իսկ երբ հակառակ բռնութեան կը շահի հաշտութիւնը, վենեզուելացիները կրնան արտայայտել իրենց կարծիքը», ըսած է Լուսենա: Նախապէս Վենեզուելայի Միասնական ընկերվարական կուսակցութեան փոխնախագահ Տիոսատիօ Քապլիոն յայտարարած էր, որ ընտրութիւններուն մասնակցութիւնը «մրցանշային» էր:

Ընդդիմութեան կարծիքով` վենեզուելացիները երբեք չէին աճապարեր ընտրատեղամասեր երթալու քուէարկութեան համար: Ընդդիմութեան ղեկավարներէն Էնրիքէ Քափրիլեսի պնդումներով` «մասնակցութիւնը չէ հասած նոյնիսկ 15 առ հարիւրի, որ անհրաժեշտ է Սահմանադրական ժողովի գումարման համար` Վենեզուելայի պոլիվարեան հանրապետութեան սահմանադրութեան 348-րդ յօդուածին համապատասխան: Ազգային ժողովի նախագահ Խուլիօ Պորխես 30 յուլիսին տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին պատմած է, որ իշխանութիւնները մտադիր են յայտարարել, թէ քուէարկութեան մասնակցած է «8,5 միլիոն մարդ»:








All the contents on this site are copyrighted ©.