2017-08-01 06:56:00

Զմմառու Վանքի Մատենադարանի բացման պաշտօնական հանդիսութիւն


Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան կազմակերպութեամբ, շաբաթ, 29 յուլիս 2017-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին Զմմառու վանքի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Զմմառու վանքի մատենադարանի բացման հանդիսութիւնը` նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր-Պետրոս Ի. կաթողիկոս-պարտրիարքին: Հանդիսութեան ներկայ էին Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ Կապրիէլ Քաչիա եպիսկոպոսը, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանը, հոգեւոր հայրեր, միաբաններ, քոյրեր, միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, հիւրեր:

Հանդիսութիւնը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութեամբ, ապա Մաշտոց վրդ. Զահթերեան ողջունեց ներկաները Զմմառու պատրիարքակական կղերին միաբանութեան վերոնորոգ ու վերաշէն մատենադարանին բացման հանդիսութեան առիթով: Ան ըսաւ, որ արդի ժամանակներու եւ գիտութեան համապատասխան ու արհեստագիտական նոր միջոցներով օժտուած մատենադարանի մը բացումը անկասկած առիթ կ՛ընձեռէ նորօրեայ սերունդին մշտականօրէն մշակոյթներու առնչուելու: Խօսքի աւարտին  Մաշտոց վրդ. Զահթերեան կարդաց Հայաստան Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանին շնորհաւորական ուղերձը, որուն մէջ նախարարը կ՛ըսէր. «Զմմառու մատենադարանը ունենալով ձեռագրական աշխատանքներու կազմակերպման տասնամեակերու աւանդոյթ, իսկ այժմ նոր գիտական համալիրի կառուցումէն յետոյ իր պահպանման, վերականգման, թուայնացման արդիական համակարգերով վստահաբար դառնալու է սփիւռքի լաւագոյն գիտական կեդրոններէն մէկը:  Գնահատելի է իրականութիւն դարձած հոգեւոր եւ գիտական այս նոր տաճարի կառուցումը, որ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հանդէպ նուիրումի եւ պատասխանատուութեան բարձր զգացումի վկայութիւնն է. տակաւին այս ձեռնարկը ազգանուէր գործունէութեան անդաստանին մէջ կը նշանաւորուի որպէս գովեստի արժանի գործ»:

Այնուհետեւ Զմմառու միաբանութեան ժառանգաւորները ներկայացուցին Ներսէս Շնորհալիի «Նոր ծաղիկ» եւ հայր Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեանի «Բազմաչարչար նահատակ» երգերը:

Ելոյթ ունեցաւ Գէորգ Քէշիշեան: Ան տուտուկով մեկնաբանեց «Սրբուհի Մարիամ» շարականը, եւ սրինգով` Կոմիտասի «Ծիրանի ծառ»-ը:

Խօսք առաւ Զմմառու վանքի գրադարանապետ Մովսէս վրդ. Տօնանեան: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ 2012-ին Զմմառու պատրիարքական կղերին միաբանութեան վարչական խորհուրդը, յետ երկարատեւ խորհրդակցութիւններու, աշխատանքի լծուեցաւ Զմմառու վանքի մշակութային հարստութիւնը, մատեդարանի հայ թէ օտար հնատիպ եւ նորագոյն շրջանի գիրքերը ամբողջութեամբ փոխադրել հին նորընծայարանին բաժին. այս ծրագիրը իրականացնելու համար վարչական խորհուրդը առաջին հերթին հնատիպ գիրքերու դասաւորման յատուկ գրապահոց մը յատկացուցած էր, այնուհետեւ գրասենեակ մը տրամադրած` մատենադարանի գիրքերը ժամանակակից լաւագոյն համակարգով ցուցակագրելու համար եւ աշխատանոց մը` ձեռագիրներու եւ գիրքերու նորոգութեան համար:

 

Ան ըսաւ, որ մատենադարանի հնատիպ եւ վաղ շրջանի գիրքերու դասաւորումը եւ համարակալումը կը կատարուի Տիուի տասնորդական միջազգային համակարգի դրութեամբ, ապա յայտնեց, որ մատենադարանը հարուստ է բազմաթիւ նիւթեր պարունակող գիրքերով, ինչպէս` աստուածաբանական, եկեղեցական, իմաստասիրական եւ գիտական. հնատիպ գիրքերուն մեծամասնութիւնը կրօնական բնոյթ ունի:

Մովսէս վրդ. Տօնանեան խօսքի աւարտին դիտել տուաւ, որ Հայ կաթողիկէ պատրիարքական կղերի միաբանութեան եւ Զմմառու վանքի մշակութային հարստութեան ուսումնասիրութինը եւ վերարժեւորումը լուրջ աշխատանքի, ժամանակի եւ մարդուժի կը կարօտի, որովհետեւ վանքի դիւանատան մէջ կը պահպանուին երկուքուկէս դարերու պատմութիւն ունեցող ձեռագիր փաստաթուղթեր, ազգային-եկեղեցական պատմութեան վերաբերող վաւերաթուղթեր, քահանայապետական պատգամներ կանոնագրեր, կոնդակներ եւ պաշտօնագրեր, որոնք հայ ժողովուրդի եւ յատկապէս Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց կաթողիկոսութեան անցեալի եւ ներկայի պատմութեան անբաժանելի մասունքը կը կազմեն եւ արժանի են մանրամասն ուսումնասիրութեան: Ան նշեց նաեւ, որ վանքը իր պատմական անցեալով ձեռագիր եւ տպագիր գիրքերու հարստութեամբ հայկական մշակութային 5-րդ կեդրոնը կը համարուի:

Այնուհետեւ մեներգիչ Ճոնի Քուքեճեան մեկանաբանեց «Չինար ես», «Torna a Surriento», «Ա՜յ, վարդ» եւ «Արփա-Սեւան» երգերը` դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Նիքոլաս Սաքրի:

Ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը` մատենադարանի  աշխատանքներուն մասին պատմող:

Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան փոխանորդ եւ վանքի մեծաւոր հայր Գաբրիէլ թ. ծ. վրդ. Մուրատեան: Ան ըսաւ, որ Վարչական խորհուրդի միաձայն որոշումով Զմմառու կղերի պատրիարքական  միաբանութիւնը մատենադարանի բացումով կը միտի լուսարձակի տակ առնել այն բոլոր արժէքները, որոնք երկար տասնամեակներ անծանօթ մնացած են: Ան ըսաւ նաեւ, որ մարդ կը բարձրանայ ու աւելի կը սլանայ, երբ կ՛օգտագործէ իր մտքին թեւերը` հաւատքի, աղօթքի, գիտութեան ու ճանաչումի թեւերը: Ասոնց միջեւ ներդաշնակութիւն մը անհրաժեշտ է: Կրօնական հաստատութիւններու պարտականութիւնն է գտնել ճշմարիտ հաւասարակշռութիւն մը  իմացական, մշակութային եւ մտաւորական կեանքերուն միջեւ:  Այս հաւասարակշռութիւնը պիտի թոյլատրէ անոնց` ճիշդ ու վաւերական ձեւով դիմադրել նիւթական ու աշխարհիկ ոչ սուրբ արժէքներու  յաճախանքին:

Խօսքին մէջ Գաբրիէլ թ. ծ. վրդ. Մուրատեան յայտնեց, որ Զմմառու պատրիարքական միաբանութիւնը խորապէս համոզուած է, որ հոգեւոր կեանքը եւ իր առաքելութիւնը` հայ ժողովուրդին հանդէպ, կը կազմեն ձգողութեան այն կեդրոնը, դէպի ուր կ՛ուղղուին այն բոլոր ծրագիրներն  ու աշխատանքները, ինչ բնոյթի ալ ըլլան անոնք` մշակութային, ճարտարապետական, նիւթական եւ այլն: Ներկայ նախաձեռնութիւնը յիշատակելի մէկ էջն է այս միաբանութեան եւ կը հանդիսանայ  մղիչ ուժը նոր էջի մը, որ կը բացուի Լիբանանի Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ: «Թող այս նախաձեռնութիւնը դառնայ Աստուծոյ դաշտին մէջ նետուած մանանեխի  այն հատիկը, որ վառ պիտի  պահէ Գրիգոր Լուսաւորիչի կտակած հաւատքի ջահը` իր  յարատեւ փոխանցումովը մարդկային սիրոյ, ճշմարտութեան եւ արդարութեան արժէքներուն», ըսաւ Գաբրիէլ թ.ծ.վրդ. Մուրատեան:

 

Փակման խօսքը եւ հայրապետական օրհնութիւնը տուաւ Գրիգոր-Պետրոս Ի. կաթողիկոս-պարտրիարք Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց: Ան ըսաւ, որ Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան համար պատմական օր մըն է, որովհետեւ վերանորոգ մատենադարանին բացումը իր դրոշմը պիտի թողու Զմմառու վանքի ժամանակակից պատմութեան մէջ, եւ հայ գիրքը, հայրերու հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութինը նոր շունչ եւ կեանք պիտի առնեն:

Հոգեւոր տէրը դիտել տուաւ, որ Զմմառու վանքի մատենադարանի կազմաւորման նուիրական աշխատանքին եւ հարստացման մէջ մեծ եղած է դերակատարութիւնը Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց պատրիարքութեան հիմնադիր Աբրահամ-Պետրոս Ա. Արծիւեան կաթողիկոսին, որուն սրաբազան աւանդը ճոխացուցած են իր արժանաւոր գահակալները եւ միաբան հայրերը` վստահ ըլլալով այն ճշմարտութեան, որ ազգերը կ՛ապրին ու կը գոյատեւեն իրենց մտային ստեղծագործութեամբ ու մշակոյթով: Ան ըսաւ. «Կը գտնուինք սրբազան հողի մը վրայ, որ մեր նախնիները հաւատքով յոյսով եւ ճակտի քրտինքով շաղախեցին` Աբրահամ Արծիւեան կաթողիկոսէն սկսեալ մինչեւ երջանկայիշատակ վսեմաշուք կարտինալ Աղաճանեանը եւ անոնց յաջորդները: Այստեղ է, որ ժամանակ մը ապրեցան երանելի Իգնատիոս Մալոյեանը եւ իրեն հետ նահատակուած եպիսկոպոսներն ու վարդապետները, այստեղ հայու հոգիին պտուղ` մտքի ու հաւատքի գանձեր կուտակուած են, այստեղ այս սրբավայրը աւելի գեղեցիկ հանդերձանք մը կը զգենու, աւելի փառահեղ մատենադարանով մը, ուր կը պահուին եւ պիտի պահուին ընդմիշտ հայու համար ամէնէն թանկագին գանձերէն` գիրքը, գիրը եւ մատեանը: Ինչե՜ր կան, որ կը կորսուին անհատներու քով, սակայն երբ անոնք այսպիսի հաստատութեան մը մէջ ի պահ կը դրուին, անոնց կեանքը կ՛ապահովուի, եւ անոնք կորուստէ կը փրկուին»: Հոգեւոր տէրը դիտել տուաւ, թէ ինչպէ՛ս այսօր հայ կեանքէն ներս հայերէն լեզուն եւ հայագիտութիւնը, հոգեմտաւոր արժէքները զգալի նահանջ կ՛արձանագրեն, ապա ըսաւ, որ պէտք չէ գոհանալ գիրք հրատարակելով գրադարանները գիրքերով զարդարելով, այլ պէտք է գիրքը կարդալ, սերտել եւ ուսումնասիրել` աւելի կարեւորութիւն տալով հոգեոր արժէքներուն, քան` նիւթականին: Խօսքի աւարտին ան ըսաւ. «Այսօր խորապէս կը գնահատեմ աշխատանքը բոլոր անոնց, որոնք իրենց օժանդակութիւնը բերած են այս մատենադարանի կազմաւորման հսկայական գործին: Միաբան հայրերէն յիշատակութեան արժանի են հոգելոյս Մեսրոպ եպս. Թերզեանը, Խաչիկ ծ. վրդ. Աթանասեանը, Մեսրոպ ծ. վրդ. Ճուրեանը եւ բազմավաստակ միաբան հայր Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռաեանը»:

Հանդիսութեան աւարտին բոլոր ներկաները եւ հիւրերը մուտք գործեցին մատենադարան ու ծանօթացան մատենադարանի բաժիններուն ու խնամքով տեղադրուած մատեաններուն` ջերմ ու հարազատ մթնոլորտի մը մէջ:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.